Ռուսաստանը կը փորձէ մինչեւ Մայիս 9 ամբողջութեամբ գրաւել Տոնեցքի եւ Լուկանսքի շրջաններու տարածքները, յայտնած է Ուքրանիոյ Պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ Ալեքսանտր Մոթուզեանիքը:
«Այժմ անոնց նպատակը միանգամայն պարզ է` դուրս մղել ուքրանական ուժերը Տոնեցքի եւ Լուկանսքի շրջաններու վարչական սահմաններէն եւ պահպանել «ցամաքային միջանցքը» դէպի ժամանակաւոր գրաւուած Խրիմ: Այս «յաղթանակն» է, որ իրենց կառավարութիւնը պիտի փորձէ «վաճառել» իր հասարակութեան», ըսած է խօսնակը:
Ուքրանիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կարծէ, որ ապագային Ռուսաստանի Դաշնութիւնը պիտի փորձէ զարգացնել յարձակումը այլ տարածքներու մէջ, մասնաւորապէս` Խերսոնի մէջ` հնարաւորինս շատ տարածքներ գրաւելու համար:
«Հիմա հակառակորդը կը պատրաստուի անոր` ուժեր հաւաքելով եւ ոտք դնելով այն տարածքներուն մէջ, որոնք ան արդէն գրաւած է: Բայց այդ կախուած պիտի ըլլայ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի շրջաններուն մէջ ռազմական գործողութիւններու արդիւնքներէն», յաւելած է Մոթուզեանիքը: