Յօդուածին մէջ կը նշուի, որ ծառայութիւնը մարզած է ուքրանացի քաղաքացիական անձեր` օգտագործելու իսրայէլեան «թաւոր» զէնքը` Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի զինուորներուն դէմ մարտերուն մասնակցելու համար:
Իսրայէլեան «Yedioth Ahronoth» թերթը յայտնած է, որ իսրայէլեան գաղտնի ուսումնական ծառայութիւնը, որ բաղկացած է էլիտար ստորաբաժանումներու շրջանաւարտներէ, կը մասնակցի ուքրանացիները ռուսական բանակի դէմ կռուելու պատրաստութեան:
Այս մասին կ'ըսուի «Yedioth Ahronoth»-ի կողմէ հրապարակուած «Ուքրանիոյ քաոս» վերնագրով յօդուածին մէջ, որ կը գլխաւորէ առաջին էջը եւ կը վերաբերի ուքրանական ուժերուն աջակցելու Իսրայէլի գաղտնի մասնակցութեան:
Յօդուածին մէջ կը բացատրուի, որ մարզիչները «իսրայէլեան բանակի պահեստային սպաներ են եւ գլխաւոր շտաբի Սիիրթ Մատքալի շրջանաւարտները», որը բանակի կարեւորագոյն յատուկ զօրամասերէն մէկն է:
Յօդուածին մէջ կը նշուի, որ ծառայութիւնը մարզած է ուքրանացի քաղաքացիական անձեր` օգտագործելու իսրայէլեան «թաւոր» զէնքը` Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի զինուորներուն դէմ մարտերուն մասնակցելու համար:
«Yedioth Ahronoth»-ը ըսած է, որ այն վայրը, ուր տեղի կ'ունենայ ուսուցումը «յոյժ գաղտնի» է` նշելով, որ «այդ հսկայական կառոյց է, որ կը ներառէ մի քանի արդիւնաբերական շէնքեր Ուքրանիոյ արեւմուտքը»:
Թերթը նշածէ, որ «խիստ գաղտնի պայմաններու մէջ կատարուած այս զեկոյցը, լուսանկարահանումը եւ հրապարակում կատարած են ուքրանական կողմին խնդրանքով», նշելով որ քաղաքացիական անձերու համար գաղտնի զօրավարժութիւնները տեղի կ'ունենան այն ժամանակ, երբ «պաշտօնական Իսրայէլը» կը խոչընդոտէ պաշտօնական ռազմական օգնութիւն տրամադրել Ուքրանիոյ:
Նաեւ «Yedioth Ahronoth»-ը մէջբերած է անվտանգութեան կառոյցներուն մէջ իսրայէլեան բարձրաստիճան աղբիւրին խօսքերը. «Ես կը հասկանամ, որ այդ զօրավարժութիւններուն անհրաժեշտութիւնը կայ: Ի հարկէ, մենք բոլորս միասնական ենք մեր աջակցութեան եւ համերաշխութեան մէջ ուքրանացի ժողովուրդին հետ»:
Աղբիւրը նշած է, որ անվտանգութեան եւ ռազմական կառոյցները տեղեակ են գաղտնի ծառայութեան գոյութեան մասին` յաւելելով. «Անոնք անուղղակիօրէն օրհնել են զայն»:
Ան շարունակեց. «Երանի կարենայի առաքելութիւն ուղարկել Ուքրանիա, որ բաղկացած է մի քանի պատուիրակներէ` ուսումնասիրելու ռուսերրու պատերազմը եւ անոնց կատարումը», նշելով որ Ռուսաստանի ժամանակակից զէնքերը, որոնք կը մտնեն դաշտ, ներառեալ հիփերձայնային հրթիռները, տարածաշրջանին մէջ Իսրայէլի դէմ պիտի տեղադրուին եւ այս կրնայ արտասովոր դաս ըլլալ մեզի համար»:
Նշենք, որ Իսրայէլի միջնորդութիւնը` Իսրայէլի վարչապետ Նաֆթալի Պենեթի գլխաւորութեամբ, Մարտին չյաջողեցաւ յառաջընթացի հասնիլ Մոսկուայի եւ Քիեւի մերձեցման հարցին մէջ: Իսկ անցեալ Կիրակի, Իսրայէլի Քնեսեթին առջեւ ունեցած ելոյթին մէջ, Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին ռազմական աջակցութիւն խնդրեց Իսրայէլէն` ի դէմս Ռուսաստանի: