Օրերս Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի Սրբոց Նահատակաց բացօթեայ խորանին առջեւ, տեղի ունեցաւ մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներու յիշատակին նուիրուած նախատօնակ, նախագահութեամբ Դպրեվանքի տեսուչ Գերպ. Տ. Պարոյր Ծ. Վրդ. Շէրնէզեանի եւ մասնակցութեամբ տեսչական կազմի անդամներուն, դպրեվանեցիներուն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի սկաուտական խմբապետական կազմերուն:
Ասոր մասին իմացանք «Զարեհեան դպրեվանք»ի դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ ներկայացուած լրատւութիւնը։
Երեքշաբթի, 22 Ապրիլ 2025-ի երեկոյեան ժամը 06:00-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի Սրբոց Նահատակաց բացօթեայ խորանին առջեւ, տեղի ունեցաւ մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներու յիշատակին նուիրուած նախատօնակը, նախագահութեամբ Դպրեվանքի տեսուչ Գերպ. Տ. Պարոյր Ծ. Վրդ. Շէրնէզեանի եւ մասնակցութեամբ տեսչական կազմի անդամներուն, դպրեվանեցիներուն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի սկաուտական խմբապետական կազմերուն:
Նախատօնակէն ետք, դպրեվանեցիներն ու Հ.Մ.Ը.Մ.ականները ուղղուեցան նահատակաց յուշարձան, որուն հովանիին ներքոյ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին՝ ծաղկեպսակի զետեղումով:
Խօսք առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Սկաուտական խորհուրդի ատենապետ քոյր Ժանէթ Փամպուքեան։ Այնուհետեւ, տեսուչ հայր սուրբը իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն՝ ըսելով. «1915 թուականին, Օսմանեան կայսրութեան ղեկավարութիւնը համակարգուած ծրագիր մը մշակեց, նպատակ ունենալով հայ ժողովուրդի բնաջնջումը։ Աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայորդիներ նահատակուեցան, կանայք ու մանուկներ բռնի մահմետական դարձան, իսկ մեր մշակութային ժառանգութիւնը՝ եկեղեցիներ, վանքեր ու դպրոցներ, ոչնչացուեցաւ եւ օտարացուեցաւ։ Թէեւ Ցեղասպանութիւնը այսօր ճանչցուած է բազմաթիւ երկիրներու ու պատմաբաններու կողմէ, սակայն Թուրքիան մինչեւ օրս կը մերժէ այս իրողութիւնը ընդունիլ։ Սակայն հայ ժողովուրդը եւ աշխարհի զանազան անկիւններու մէջ ապրող հայ համայնքները կը շարունակեն իրենց պայքարը՝ ի խնդիր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, արդարութեան եւ յիշողութեան պահպանման։ Հետեւաբար, մենք մեր նահատակներուն հանդէպ պարտք մը չունինք կատարելիք, այլ՝ ողջ կեանք մը ունինք մատուցելիք»: