image
Հրատապ լուրեր:

Հրթիռակոծուած Քրեմենչուկի առեւտուրի կեդրոնին մէջ 1000 մարդ կար

Հրթիռակոծուած Քրեմենչուկի առեւտուրի կեդրոնին մէջ 1000 մարդ կար

Մենք համերաշխ ենք ուքրանացի ժողովուրդին հետ: Ինչպէս ցոյց տուաւ G7-ի գագաթաժողովը, Միացեալ Նահանգները, մեր դաշնակիցներուն եւ գործընկերներուն հետ, պիտի շարունակէ Ռուսիան պատասխանատուութեան ենթարկել նման վայրագութիւններու համար եւ աջակցիլ, պաշտպանել Ուքրանիան:

 

ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի նախագահներ Ճօ Պայտընը եւ Էմանուէլ Մաքրոնը «սարսափելի» որակած են ռուսական զօրքի հրթիռային հարուածը ուքրանական Քրեմենչուկ քաղաքի առեւտուրի կեդրոնին վրայ, որուն հետեւանքով տասնեակ խաղաղ բնակիչներ զոհուած եւ վիրաւորուած են:

«Ռուսիոյ յարձակումը խաղաղ բնակիչներուն վրայ առեւտուրի կեդրոնին մէջ սարսափելի է: Մենք համերաշխ ենք ուքրանացի ժողովուրդին հետ: Ինչպէս ցոյց տուաւ G7-ի գագաթաժողովը, Միացեալ Նահանգները, մեր դաշնակիցներուն եւ գործընկերներուն հետ, պիտի շարունակէ Ռուսիան պատասխանատուութեան ենթարկել նման վայրագութիւններու համար եւ աջակցիլ, պաշտպանել Ուքրանիան», գրած է Պայտընը Թուիթըրով:

«Ռուսիոյ կողմէ Քրեմենչուկի առեւտուրի կեդրոնի հրթիռակոծումը կատարեալ սարսափ է: Մենք կը կիսենք զոհերու ընտանիքներուն ցաւը: Եւ զայրոյթը նման ստորութեան նկատմամբ: Ռուս ժողովուրդը պէտք է տեսնէ ճշմարտութիւնը», գրած է Մաքրոն:

Յիշեցնենք, որ Յունիս 27-ին Ռուսիան հրթիռային հարուած հասցուցած է Քրեմենչուկի առեւտուրի կեդրոնին: Հարուածի պահուն առեւտուրի կեդրոնին մէջ աւելի քան 1000 այցելու եղած է: Վերջին տուեալներով` զոհուած է 16 մարդ, վիրաւորուած` 59, աւելի քան 40 հոգի անհետ կորսուած է: