image
Հրատապ լուրեր:

Հնդկաստանի մէջ. Ուղիղ եթերի ժամանակ սպաննուած է նախկին քաղաքական գործիչ՝ Աթիք Ահմատ(Տեսանիւթ 18+)

 Հնդկաստանի մէջ. Ուղիղ եթերի ժամանակ սպաննուած է նախկին քաղաքական գործիչ՝ Աթիք Ահմատ(Տեսանիւթ 18+)

 Հնդիկ «կանկսթէր» դարձած քաղաքական գործիչը ուղիղ եթերի ժամանակ՝ սպաննուած է։

 

 Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ՝ BBC   կայանէն։ 

 Հնդիկ գործիչ՝ Աթիք Ահմատ եւ անոր եղբայրը՝ Աշրաֆ ուղիղ եթերի ժամանակ յարձակման ենթարկուած ու սպաննուած են։

Կը նշուի, որ «կանկսթէր»  համարուող եւ շարք մը առեւանգման դէպքերով մեղադրուող Ահմատ  վերջին տարիներուն հեռացած էր քաղաքական ասպարէզէն, իսկ անոր  որդին ամիսներ առաջ սպաննուած էր ոստիկանութեան հետ բախումներու ժամանակ։