Հայաստան իր զօրակցութիւնը յայտնած է Կիպրոսի Հանրապետութեան` տեւական ու հետեւողականօրէն նեցուկ ըլլալով եւ աջակցելով Կիպրոսին՝ երկրի հարցի արդար եւ յարատեւ լուծում գտնելու ջանքերուն։ Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Յունաստանի մօտ ՀՀ դեսպանատունը։
«Հայաստանը հաւատարիմ է մնում տարածաշրջանում խաղաղութեանն ու կայունութեանը եւ շարունակելու է աշխատել իր միջազգային գործընկերների հետ՝ դիմակայելու այս մարտահրաւէրներին»,– ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Նշենք, որ այս տարի կը լրանայ Հիւսիսային Կիպրոսի բռնագրաւման 50-ամեակը։ Թրքական ներխուժումը Կիպրոս սկսած է 1974-ի 20 յուլիսին եւ աւարտած 1974-ի 18 օգոստոսին՝ Կիպրոսի պետական յեղաշրջմամբ եւ կղզիի մօտ 40 %-ի` թրքական զօրքերու կողմէ գրաւումով։