Ատրպէյճանի պետական սահմանապահ ծառայութիւնը տեղեկութիւն տարածած է, թէ իբր երկու հայ զինծառայող հայ-ատրպէյճանական սահմանի հարաւ-արեւելեան հստուածին մէջ յարձակած են ատրպէյճանցի զինծառայողի վրայ եւ սուինով վնասուածքներ հասցուցած անոնց: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ ՊՆ-էն:
«Նշուած տեղեկութիւնը բացարձակ կեղծիք է եւ ատրպէյճանական կողմի հերթական ապատեղեկատուութիւնը:
ՀՀ ԶՈւ զինծառայողների մասնակցութեամբ նման միջադէպ տեղի չի ունեցել»,- նշուած է ՊՆ հաղորդագրութեան մէջ: