image

Հայկական ուժերը ծանր հարուած տուին հակառակորդին (Տեսանիւթ)

Հայկական  ուժերը  ծանր հարուած տուին հակառակորդին (Տեսանիւթ)

ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը հրապարակած է տեսանիւթ, ուր կ'երեւի, թէ ինչպէս ՀՀ ԶՈՒ ստորաբաժանումները կ'ոչնչացնեն 16 Նոյեմբերին ՀՀ տարածք ներխուժած հակառակորդի զրահատեսակները:

 

Ինչպէս «Արեւելք» նախապէս անդրադարձած էր, 16 Նոյեմբերին, ժամը 13։00-ի սահմաններուն, ատրպէյճանական ԶՈՒ ստորաբաժանումները հերթական սադրանք  նախաձեռնած են ՀՀ արեւելեան սահմանագօտիի ուղղութեամբ՝ գնդակոծելով հայկական դիրքերը։ Ժամը 16։00-ի դրութեամբ իրադրութիւնը ՀՀ արեւելեան սահմանագօտիին մէջ կը շարունակէր ծայրայեղ լարուած մնալ։ Ատրպէյճանական ԶՈՒ ստորաբաժանումներու՝ հայկական դիրքերու վրայ նախաձեռնած յարձակման հետեւանքով սկսած մարտերու հետեւանքով հայկական կողմը ունի զոհեր եւ վիրաւորներ, որոնց վերաբերեալ տուեալները կը ճշդուին, ինչպէս նաեւ յայտնի է երկու մարտական դիրքի կորստեան մասին։