Հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածը տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ ատրպէյճանական յարձակման հետեւանքով հայկական կողմը ունի 15 զոհ, եւ 7 գերեվարուած անձ։ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հետ հարցազրոյցին ըսած է Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էդուարդ Աղաճանեանը։
«Մեր ունեցած տեղեկատուութեան համաձայն, զինուորականների շրջանում, դեռեւս չհաստատուած տուեալներով, այս պահին կայ 15 զոհ եւ 7 գերեվարուած անձ։ Նաեւ մեր տուեալներով բաւականին մեծ կորուստներ են կրել Ատրպէյճանի զինուած ուժերը»,- ըսած է Աղաճանեան։
Աղաճանեանի տեղեկացումով պաշտպանական գործողութիւններու ժամանակ Հայաստանի զինուած ուժերը խոցած են հակառակորդի չորս զրահափոխադրիչ եւ մէկ «Ուրալ»։
Կը նշուի, որ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը պաշտօնապէս յայտարարած է 12 զինծառայողի գերեվարման մասին՝ 7 պայմանագրային եւ 5 ժամկէտային։