Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Արսէն Թորոսեանն այսօր հանդիպում ունեցած է Թուրքիոյ ընտանիքի եւ ընկերային ծառայութիւններու նախարար Մահինուր Օզտեմիր Կէոքթաշի հետ Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ կայացող RISE 2025 համաժողովի շրջածիրէն ներս։ Այս մասին յայտնած են աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութենէն։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ընկերային պաշտպանութեան ոլորտին մէջ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցեր։
Կողմերը խօսած են երկու երկիրներու ոլորտային առաջնահերթութիւններու ու այդ ուղղութիւններով իրականացուող աշխատանքներու մասին։ Այս պարունակին մէջ երկուստեք շեշտուած է ընկերային ծառայութիւններու շրջանակի ընդլայնման ու որակի բարելաւման կարեւորութիւնը։
Կողմերն անդրադարձած են նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին՝ յոյս յայտնելով, որ ոլորտային համագործակցութիւնը եւս կը նպաստէ ատոր։
Հանդիպման աւարտին կողմերը փորձի փոխանակման եւ համագործակցութեան զարգացման պատրաստակամութիւն յայտնած են։