Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջեւ տեղի ունեցած է փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութիւն:
Հայաստանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարները ստորագրած են 2025-2027 թուականներու քաղաքական խորհրդակցութիւններու վերաբերեալ յուշագիր:
Հայաստանի տնտեսութեան նախարարը եւ Իրանի փոխնախագահը յուշագիր ստորագրած են չափանիշերու դասակարգման, ստուգման, համապատասխանութեան գնահատման, չափագիտութեան եւ արհեստագիտական կարգաւորման ոլորտներու մէջ համագործակցութեան վերաբերեալ։
Հայաստանի տնտեսութեան նախարարը եւ Իրանի զբօսաշրջութեան նախարարը ստորագրած են զբօսաշրջութեան ոլորտի մէջ համագործակցութեան յուշագիր։
Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարը եւ Իրանի համագործակցութեան եւ ընկերային ապահովութեան նախարարը ստորագրած են 2025-2029 թուականներու մասնագիտական կրթութեան ոլորտի մէջ համագործակցութեան յուշագիր։
Հայաստանի քաղաքաշինութեան կոմիտէի ղեկավարը եւ Իրանի ճանապարհներու եւ քաղաքաշինութեան նախարարը ստորագրած են քաղաքաշինութեան եւ շինարարութեան ոլորտի մէջ համագործակցութեան յուշագիր։
ՀՀ առողջապահութեան փոխնախարարը եւ ՀՀ-ի մէջ Իրանի դեսպանը ստորագրած են յուշագիր՝ ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան դեղերի եւ բժշկական արհեստագիտութիւններու փորձաքննութեան կեդրոնի եւ Իրանի առողջապահութեան նախարարութեան սնունդի եւ դեղերու վարչութեան բժշկական արտադրութեան կարգաւորման ոլորտի մէջ համագործակցութեան վերաբերեալ։
Թանգարաններու, գրադարաններու եւ Հայաստանի ու Իրանի ազգային արխիւներու միջեւ ստորագրուած են համագործակցութեան շարք մը յուշագրեր։