Թրքական Ahaber հեռուստաընկերութեան եթերին Թուրքիոյ նախագահի մամուլի խօսնակ Իպրահիմ Քալըն նշած է, թէ իրենք Հայաստանէն դրական ազդակներ կը տեսնեն հայ–թրքական եւ հայ–ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման մէջ։
Ան պնդած է, որ հայ–թրքական յարաբերութիւնները ինչքան ալ առանձին գործընթաց ըլլայ, այն կապուած է հայ–ատրպէյճանական գործընթացի հետ, եւ իրենք զգուշաւոր են, քանի որ կրնայ ըլլալ, որ Հայաստանը ինչ–որ հարցով յետքայլ կատարէ։
Իպրահիմ Քալըն շեշտած է, թէ երբ Թուրքիան Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորէ, Հայաստանը պիտի դառնայ աւելի ազատ եւ պիտի համարկուի Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի տնտեսութիւններուն։