image

Հայաստան եւ Իրան համաձայնած են ամրապնդել համագործակցութիւնը

Հայաստան եւ Իրան համաձայնած են ամրապնդել համագործակցութիւնը

Իրանը եւ Հայաստանը համաձայնած են ամրապնդել համագործակցութիւնը փոխադրութեան եւ տարանցիկ ենթակառուցուածքներու ոլորտին մէջ՝ միաժամանակ լուծելով սակագնային անհաւասարակշռութեան շուրջ վէճերը։ Այս մասին յայտնած է իրանեան Tesnim-ը։ Ըստ պարբերականի, պայմանաւորուածութիւնը ձեռք բերուած է Երեւանի մէջ՝ Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Դաւիթ Խուդաթեանի եւ Իրանի ճանապարհներու եւ քաղաքաշինութեան նախարար Ֆարզանէ Սատեղի հանդիպման ժամանակ։

Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութենէն յայտնած են, որ երկու երկիրներու նախարարներն անդրադարձած են Հիւսիս-հարաւ ճանապարհային միջանցքի Քաջարան-Ագարակ 32 քմ երկարութեամբ հատուածի մէջ իրականացուող ճանապարհաշինական աշխատանքներուն։

Խուդաթեանը նշած է, որ աշխատանքներու ընթացքը գոհացուցիչ է եւ հայկական կողմը բարձր կը գնահատէ շինարարական ընկերութեան ներդրած ջանքերը։

Անդրադարձ կատարուած է նաեւ տարանցիկ բեռնափոխադրումներու սակագնային քաղաքականութեան վերանայման հնարաւորութեան։

Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է հնարաւոր սեղմ ժամկէտներու մէջ խնդրի լուծման նպատակով ստեղծել աշխատանքային խումբ։

Քննարկուած են օդագնացութեան ոլորտին վերաբերող հարցեր։

Նախարարը կարեւորած է Իրանի տարբեր քաղաքներու հետ կանոնաւոր օդային հաղորդակցութեան ընդլայնումը` ընդգծելով, որ Հայաստանի համար դէպի Իրան օդային ուղղութիւնը պահանջուած է։

Իրանեան Tesnim-ի հաղորդմամբ, Իրանի ճանապարհներու եւ քաղաքաշինութեան նախարար Ֆարզանէ Սատեղը շեշտած է Հիւսիս-Հարաւ եւ Պարսից ծոց-Սեւ ծով միջանցքներու զարգացման կարեւոորութիւնը եւ կոչ ըրած է բարելաւելու Հայաստանի ճանապարհային, երկաթուղային եւ մատակարարման ցանցերը՝ առեւտուրը դիւրացնելու համար։

Ան նշած է երկու երկիրներու միջեւ տարանցիկ սակագիներու 330 տոլարի տարբերութիւնը եւ կոչ ըրած է վերանայելու համակարգը՝ ըսելով, որ նոր երթուղիները պէտք է խուսափին աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններէն։

Իրանցի նախարարը նաեւ ընդգծած է Ճուլֆա-Երեւան-Վրաստան երկաթուղային գիծի վերաբացումը որպէս տարածաշրջանային տարանցման կարեւոր քայլ եւ Իրանի նախագահի Հայաստան կատարած այցը որակած է որպէս Թեհրան-Երեւան կապերու ամրապնդման կարեւորագոյն քայլ փոխադրութեան եւ մատակարարման ոլորտի մէջ։