image

Հայ-թրքական սահմանը կրնայ բացուիլ առաջիկայ քանի մը ամիսներու ընթացքին. Արարատ Միրզոյեան

Հայ-թրքական սահմանը կրնայ բացուիլ առաջիկայ քանի մը ամիսներու ընթացքին. Արարատ Միրզոյեան

ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարած է, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանը կրնայ բացուիլ առաջիկայ քանի մը ամիսներու ընթացքին, եւ այդ ժամանակ կրնան հաստատուիլ նաեւ երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական ​​յարաբերութիւններ։

«Ես անձամբ որեւէ խնդիր չեմ տեսնում հայ-թուրքական սահմանի բացման հետ կապուած, ինչպէս նաեւ չեմ տեսնում որեւէ խնդիր հայ-թուրքական դիւանագիտական ​​յարաբերութիւնների հաստատման հետ կապուած։ Մեր թուրք գործընկերները նոյնպէս հաստատել են դա։ Հետեւաբար, կարծում եմ, որ առաջիկայ շաբաթների եւ ամիսների ընթացքում մենք շատ շօշափելի առաջընթացի կը հասնենք այս ուղղութեամբ։ Դա, չգիտեմ, առաւելագոյնը մի քանի ամսուայ հարց է։ Սա իմ ընկալումն է։ Կը տեսնենք, թէ ինչպէս կը զարգանան իրադարձութիւնները»,- ըսած է ան Deutsche Welle–ին տուած հարցազրոյցին։

Միրզոյեանի խօսքով՝ Թուրքիան ընդգծած է, որ չի կրնար աւարտել Հայաստանի հետ սահմանի բացման գործընթացը առանց Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններուն կարգաւորման։ Սակայն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրն այժմ նախաստորագրուած է, ինչ որ հնարաւորութիւն կու տայ երկկողմանի յարաբերութիւններ հաստատել Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ։

«Թուրքական կողմը արտայայտել եւ ցուցադրել է իր պատրաստակամութիւնը՝ բացելու սահմանները, վերսկսելու երկաթուղային հաղորդակցութիւնը եւ երկկողմ ուղիղ առեւտուրը, նոյնիսկ չնշելով դիւանագիտական ​​յարաբերութիւններ հաստատելու հարցը»,- աւելցուցած է նախարարը։