image

Հասնիլ շրջանի հայութեան. ՀՅԴ Բիւրոն եւ յարակից մարմինները Լիբանանահայութեան օգնելու կոչով հանդէս եկան

Հասնիլ շրջանի հայութեան. ՀՅԴ Բիւրոն եւ  յարակից մարմինները Լիբանանահայութեան օգնելու կոչով հանդէս եկան

 

 


 Տագնապահար է Միջին Արեւելքը եւ ճգնաժամի մէջ` շրջանի հայութիւնը:

 

Սուրիոյ մէջ յամեցող քաղաքական հարցերը, թէեւ մեղմացած, դեռ անկայուն վիճակի մէջ կը պահեն երկիրը, մանաւանդ որ Թուրքիան ներխուժած է ու բռնազաւթած` Սուրիոյ հիւսիսային շրջանները, կեդրոնական իշխանութեան դէմ կը շարունակեն գործել որոշ ուժեր եւ արեւմտեան պետութիւնները շրջափակման ենթարկած են երկիրը` առաւել սրելով տնտեսական անկայունութիւնը, մինչ «Քորոնա» համավարակը կը շարունակէ իր աւերը գործել: Սուրիոյ հայութիւնն ու անոր ազգային, ժողովրդային ու միութենական կառոյցները կը կարօտին համահայկական օժանդակութեան, յատկապէս կրթական ու առողջապահական բնագաւառներուն մէջ:

 

Լիբանանի մէջ անցնող  երկու տարիներուն ստեղծուած ճգնաժամը` տնտեսական գահավէժ վիճակ, լիբանանեան դրամանիշի ծանր արժեզրկում, քաղաքական անկայունութիւն, «Քորոնա» համավարակի տարածում եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթում, թաւալգլոր ընթացքով տագնապի մատնեցին Լիբանանը եւ այսօր ալ աւելիով կը ջլատեն համայնքի կեանքն ու լիբանանահայը կը դնեն աննախընթաց դժուարութիւններու եւ վտանգներու դէմ յանդիման: Այսօր, ժողովուրդի կարեւոր զանգուած մը կը գտնուի ընկերային-տնտեսական խիստ կարիքաւոր կացութեան մէջ եւ ի վիճակի չէ իր գրեթէ զերոյացած ամսաթոշակով տարրական սնունդ իսկ ապահովել. վառելանիւթի մեծ սղաճը, շատ մը ապրանքատեսակներու շուկայէն անհետացումը, հացի տագնապը եւ սակաւ գտանելի իրեղէններու արժեգիներու ահաւոր բարձրացումը խուճապի մատնած են ժողովուրդը. երկրին մէջ դեղորայքը, պետական նպաստի սահմանափակումով, դարձած է անհասանելի ու անգտանելի` սպառնալով քաղաքացիներու առողջութեան եւ կեանքին. լիբանանահայ վարժարանները կը դիմագրաւեն աննախընթաց պիւտճէական դժուարութիւններ, իսկ ելեկտրականութեան խիստ սակաւ մատուցումը անդամալուծած է առօրեայ կեանքն ու տնտեսութիւնը եւ կը սպառնայ նաեւ առողջապահական համակարգին:

 

ՀՅԴ Բիւրոն, ՀՅԴ Երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու վարչութիւնները, ՀՅԴ ուղեկից միութիւններու Կեդրոնական վարչութիւնները 2019 աշնան անցան աշխատանքի` հասնելու լիբանանահայութեան եւ սուրիահայութեան կարիքներուն: Իսկ Լիբանանի տագնապի վերջին ամիսներու սրումին առընթեր դիմեցինք նոր քայլերու, Հայ օգնութեան միութիւնը (ՀՕՄ) վերաշխուժացուց իր ծաւալած հանգանակութեան թափը եւ ՀՅԴ Բիւրոն 4 օգոստոս 2021-ին յատուկ կոչով դիմեց բոլորին` շեշտելով շրջանի հայութեան նեցուկ հանդիսանալու անհրաժեշտութիւնը:

 

Ներկայ կացութիւնը խիստ ահազանգային է եւ բոլորիս պարտականութիւնն է մեղմել վտանգը` հասնելով շրջանի հայութեան եւ մանաւանդ անոր անապահով ու կարօտեալ խաւերուն բազում եւ անմիջական կարիքներուն:

 

Արդէն իսկ ընթացքի մէջ է հանգանակային նոր արշաւը. իւրաքանչիւր կազմակերպութիւն եւ միութիւն զօրաշարժի մղած է իր շարքերը, եւ այս կոչով կը դիմենք հայրենի պետութեանց եւ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն, որպէսզի անյապաղ սատարեն այս խիստ կարեւոր արշաւին:

 

ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ

ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

31 օգոստոս 2021