24-28 Սեպտեմբերին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան «Որոտ-2021» վարժանքները՝ ՀԱՊԿ գործնական արձագանգման հաւաքական ուժերու կազմին մէջ գտնուող թմրանիւթերու անօրինական շրջանառութեան հակազդման հարցերով զբաղող յատուկ ծառայութիւններու, անոնց ստորաբաժանումներու եւ ներքին գործերու մարմիններու մասնակցութեամբ։
Վարժանքները պիտի կայանան 2021 թուականի համար ՀԱՊԿ հաւաքական անվտանգութեան համակարգի հրամանատարական եւ վերահսկիչ մարմիններու եւ ուժերու ու միջոցներու համատեղ զօրավարժութիւններու ծրագրին համաձայն:
Վարժանքներու առաջին փուլին յատուկ նշանակութեան ջոկատներն ու ՀՀ զինուած ուժերը առաջադրանքներ պիտի կատարեն լեռնային բարդ տեղանքի մէջ։ Պիտի կատարուին նաեւ հրամանատարաշտաբային վարժանքներ՝ յատուկ գործողութեան մշակման ու իրականացման նպատակով։
Առաջադրանքները կատարելով ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու յատուկ նշանակութեան ուժերը, Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումներու եւ սահմանապահ զօրքերու հետ, պիտի կատարելագործեն փոխգործակցութեան ուղիները, յաւելեալ փորձ ու հմտութիւններ ձեռք պիտի բերեն՝ ռազմական գործողութիւններուն հնարաւորինս նմանեցուած պայմաններու մէջ յատուկ գործողութեան կատարման համար։
Վարժանքներու երկրորդ փուլի ընթացքին պիտի կատարուին մարտական զէնքէ մարտավարական հրաձգութեան մրցումներ, ինչպէս նաեւ նախատեսուած ուժերով առաջադրանքներու լուծման ընթացքին պիտի իրականացուին նաեւ յատուկ նշանակութեան ջոկատներու համատեղ գործնական-մարտական խումբերու գործողութիւններ: