Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն զգուշացուցած է, որ «Համաս»-ը միայն քանի մը օր ունի հրադադարի համաձայնագիրը ընդունելու համար։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին գրած է The Times of Israel-ը։
«Իսրայէլցիները սկսած են հոն (Կազա) գործողութիւններ կատարել։ Այսպէս՝ մենք կը կարծենք, որ շատ կարճ ժամանակահատուած ունինք, որուն ընթացքին կրնայ համաձայնագիր կնքուիլ։ Մենք այլեւս ամիսներ չունինք, հաւանաբար օրեր ունինք եւ, թերեւս, քանի մը շաբաթ»,– նշած է Ռուպիոն՝ Իսրայէլէն Քաթար մեկնելէ առաջ։
Ան ընդգծած է, որ Քաթարը կը մնայ միակ պետութիւնը, որ կրնայ միջնորդել Կազայի մէջ հրադադարի հասնելու հարցով՝ հակառակ անցեալ շաբաթ Տոհայի մէջ Իսրայէլի կողմէ «Համաս»-ի առաջնորդներուն ուղղուած հարուածին։
«Ակնյայտ է, որ անոնք («Համաս») պէտք է որոշեն՝ արդեօք կ՚ուզեն այդ ընել անցած շաբաթ տեղի ունեցածէն ետք, թէ ոչ։ Բայց մենք կ՚ուզենք, որ անոնք գիտնան, որ եթէ աշխարհի մէջ կայ երկիր մը, որ կրնայ օգնել վերջ տալու ատոր բանակցութիւններով, այդ Քաթարը պիտի ըլլայ»,– ընդգծած է Ռուպիոն։
Աւելի վաղ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի հետ համատեղ մամուլի ասուլիսի ընթացքին չէր բացառած «Համաս»-ի առաջնորդներուն դէմ ուղղուած հարուածները այլ երկիրներու մէջ։ Տոհայի մէջ «Համաս»-ը թիրախաւորելու մասին Նեթանիահուն նշած էր, որ «Իսրայէլը կը շարունակէ ճշդել Քաթարին հասցուած հարուածի վերջնական արդիւնքները»։