Օրերս Սուրիոյ Օգնութեան Խաչի անդամուհիներ՝ Խաչուհիներ, մասնակից դարձած են Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի, որմէ ետք ալ ընդունուած են Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար արք. Աշգարեանին կողմէ։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Թեմի դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ տրուած լրատւութիւնը։
Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի հանդիսապետութեամբ, Կիրակի, 6 Յուլիս 2025-ի առաւօտուն, Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ՝ հոգեւորականաց դասուն, ՍՕ Խաչի անդամուհիներուն եւ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։
Օրուան պատարագիչն էր՝ Արժ. Տ. Գառնիկ Քհնյ. Չափանեան։
Սրբազան Հօր պատգամին բնաբանն էր օրուան աստուածաշնչական հատուածը (Մտ 12.38-45), ուր կը պարզուի կարեւոր երեւոյթ մը, որուն չէին անդրադառնար անոնք, որոնք կը կարծէին թէ Աստուծոյ ժողովուրդն են, ներքին հպարտութիւն մը յառաջացած էր իրենց մէջ, կուրցած էր իրենց հոգեւոր տեսողութիւնը եւ կ՚ապրէին ինքնախաբէութեամբ։ Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ Քրիստոս երեք տարիներ շարունակ, ժողովուրդին մէջ ըլլալով Աստուծոյ խօսքը քարոզեց, բժշկեց եւ հրաշագործեց, սակայն այդ բոլորով հանդերձ, ժողովուրդը նշան մը կ՚ուզէր Քրիստոսէն, որպէսզի հաւատար։ Քրիստոս օրինակներ բերելով զանոնք կը կոչէ «անհաւատարիմ եւ չար սերունդ», որովհետեւ հեռացած էին Աստուծոյ խօսքէն եւ կը մերժէին զինք ընդունիլ։
Սրբազան Հայրը պատուիրեց հաւատացեալներուն, որ իրենց կեանքերը ինքնաքննութեան ենթարկեն, չափանիշ ունենալով Աստուածաշունչը եւ Քրիստոսը։ Ան հրաւիրեց ներկաները ճշմարիտ ապաշխարութեան եւ հաւատքով ու սիրով ծառայութեան։
Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց տեսնելով ՍՕ Խաչի անդամուհիներուն մասնակցութիւնը Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին եւ մեծապէս գնահատեց ՀՕՄ-ի եւ ՍՕԽ-ի անդամուհիներուն անձնդիր ծառայութիւնը։
Պատարագէն ետք, Սրբազան Հայրը Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս հիւրընկալեց ՀՕՄ-ի Կեդր. Վարչութեան ներկայացուցիչը եւ ՍՕ Խաչի անդամուհիները։ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Ս.Օ.Խաչի 42-րդ Շրջ. Պատգամաւորական ժողովին ընտրուած Շրջանային Վարչութիւնը եւ յառաջիկայ շրջանին համար առնուած որոշումները, կատարեալ յաջողութիւն մաղթեց անոնց գործունէութիւններուն եւ այս առիթով իր նորատիպ գիրքերէն նուիրեց իւրաքանչիւրին։