image

Գումարուեցաւ ՀՕՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանի 99րդ Շրջանային պատգամաւորական ժողովը

Գումարուեցաւ ՀՕՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանի 99րդ Շրջանային պատգամաւորական ժողովը

Օրերս, տեղի ունեցած է Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանի 99րդ Շրջանային Պատգամաւորական ժողովը, հիւրընկալութեամբ շրջանի «Արազ» մասնաճիւղի։ Ժողովին աւարտին ընտրուեցաւ 9 անձերէ բաղկացած Շրջանային վարչութեան Կազմ մը։

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ ԱՄՆ հրապարակուող «Ասպարէզ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ`

Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանի 99րդ Շրջանային Պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ յաջողութեամբ 19էն 21 Յուլիս 2024ին, Պըրպենքի Հայ կեդրոնին մէջ, հիւրընկալութեամբ շրջանիս «Արազ» մասնաճիւղին, 75 E Santa Anita, Burbank, CA 91502։

Ժողովին բացումը կատարեց Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեան. ան ժողովականները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու Արցախի նահատակներուն յիշատակը։ Ապա, ժողովականները ունկնդրեցին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ՀՕՄի քայլերգները։

Զարեհ վրդ. Սարգիսեան փոխանցեց այս ժողովին առիթով Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի ուղերձը։

Ժողովին ներկայ էին ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Արուսեակ Մելքոնեան, գանձապահ Անի Քէշիշեան, խորհրդական եւ շրջանի կապը՝ Ժարմէն Միրզախանեան։ Միրզախանեան փոխանցեց Կեդրոնական վարչութեան գործունէութեան առաջին տարուան տեղեկագիրը, պաստառի վրայ երեւցող ծրագիրները մէկ առ մէկ բացատրեց եւ դրուատեց ՀՕՄի անդամներու նուիրումը ծրագիրներու իրականացման մէջ։

Շրջապատուած շուրջ 120 գաղափարակից հայուհիներով, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Լեւոն Պարոնեան բարձրօրէն գնահատեց ՀՕՄի ազգանուէր աշխատանքը։

Շրջանային վարչութեան խօսքը փոխանցեց Վիքի Մարաշլեան՝ շնորհակալութիւն եւ գնահատանք յայտնելով իր գործընկերներուն, մասնաճիւղերուն եւ անդամներուն, որոնք անձնուիրաբար աշխատեցան անցած տարեշրջանին ընթացքին։

Ընկերուհին յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց գրասենեակի տնօրէն Ժասիկ Ջառահեանին, Ընկերային ծառայութեան գրասենեակի գործադիր տնօրէն Շուշիկ Աւագեանին եւ հայերէնի բաժինի քարտուղար տոքթ. Սուսաննա Դաւթեանին։ Մարաշլեանի կարգահրաւէրով, ժողովը սկսաւ ներկայութեան ստուգումով։ Կարեւոր գործ ստանձնեց ժողովին դիւանը՝ գլխաւորութեամբ հայերէնի ատենապետ Մարալ Փօլատեանի («Անահիտ» մասնաճիւղ) եւ անգլերէնի ատենապետ Ճիւտի Ճինկիրեանի («Կարին» մասնաճիւղ)։ Դիւանի հայերէնի քարտուղարներն էին՝ Անգինէ Յակոբեան եւ Զարուհի Տէր Դաւիթեան, իսկ անգլերէնի՝ Ռիթա Հինդլեան եւ Անահիտ Պօղոսեան։

Իրաւասութիւններ ճշդող յանձնախումբը զեկոյցով մը յայտնեց, թէ 20 մասնաճիւղերէ կը մասնակցէին 62 պատգամաւորներ։ Երիցագոյն պատգամաւորն էր «Էրեբունի» (Օքլենտ) մասնաճիւղէն Վիքթորիա Մարքարեան՝ որ միայնակ եկած էր Սաքրամենթոյէն, 89 տարեկանին։ Իսկ առաւել քան 20 պատգամաւորներ առաջին անգամ այդ դերը կը ստանձնէին։ Անգլերէնը եւ հայերէնը փոխն ի փոխ կը գործածուէին։ Ժողովականներուն դէմքերը արտացոլումն էին յուզումի, ապշանքի կամ վճռականութեան։

Դիւանը հսկիչ նշանակեց հիւրընկալ «Արազ» մասնաճիւղի ընկերուհիները, որոնք ուշադրութեամբ եւ հոգատարութեամբ սատարեցին ժողովին սահուն ընթացքին։

Պատգամաւորական ժողովի օրերը անցան յոյժ գործնական, շինիչ առաջարկներով եւ առողջ քննարկումներով։ Ընթացաւարտ վարչութեան աշխատանքը գնահատուեցաւ «գնահատելի»։

Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Արուսեակ Մելքոնեան ժողովին ընթացքին հարցի մը քննարկումին ընթացքին յիշեց, թէ Արցախէն Հայաստան ապաստանած կիներու քաղցկեղը համեմատաբար աւելցած է։ Ժողովը օրակարգը մէկդի դրած՝ ինքնաբուխ նուիրատուութիւններու անցաւ եւ Շրջանային վարչութեան լրացումով 50 հազար տոլար հանգանակուեցաւ ՀՕՄի Ախուրեանի «Մօր ու Մանկան» Առողջապահական կեդրոնի եւ Ծննդատան «մամոկրաֆի»ի գործիքի մը ի նպաստ կանխազգուշական քննութիւններ կատարելու համար։

Պատգամաւորական ժողովը ամէն հարցի լուծում չունէր, բայց իր կարելին ըրաւ վաւերացնելու նախահաշիւ մը, որ ՀՕՄի 115ամեակը հանգամանօրէն տօնախմբուի, տաք ճաշի ծրագիրները շարունակուին, տուներ եւ ագարակներ տրամադրուին Արցախցի ընտանիքներուն, կրթաթոշակներ տրամադրուին հերոսներու զաւակներու եւ ուսանողներուն, ինչպէս նաեւ շարունակուին ընկերային եւ հոգեբանական ծառայութիւնները շրջանիս մէջ։

Կեդրոնական վարչութեան անդամները, պատգամաւորները, հիւրերը եւ ընթացաւարտ Շրջանային վարչութիւնը սիրալիր յաջողութեան մաղթանքներ փոխանցեցին ՀՕՄի մեծ ընտանիքին եւ նորընտիր վարչութեան։ Անոնք նաեւ գնահատեցին դիւանը եւ հիւրընկալ մասնաճիւղի ժրաջան ընկերուհիները։

Ժողովին աւարտին ընտրուեցաւ 9 անձերէ բաղկացած Շրջանային վարչութեան Կազմ մը, որմէ ետք ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Արուսեակ Մելքոնեանի եւ պատգամաւորական ժողովի դիւանին մասնակցութեամբ` նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը ընտրեց իր դիւանը։

Ստորեւ` երկու տարուած՝ 2024-2026 շրջանի, Շրջանային վարչութեան կազմը` իր պաշտօններով.

Քրիսթինա Ամիրեան Խանճեան՝ ատենապետ

Վիքի Մարաշլեան՝ փոխատենապետ

Էօժէնի Շամլեան Արոյեան՝ ատենագրող քարտուղար

Ռիթա Հինդլեան՝ թղթակցող քարտուղար

Մարալ Գույումճեան Մանուկեան՝ գանձապահ

Գնարիկ Աւետիսեան՝ խորհրդական

Հայկօ Օվայեան Պարսամեան՝ խորհրդական

Սիրուն Պետիրեան՝ խորհրդական

Թալին Քայեայեան՝ խորհրդական: