image

Ղարիպաշվիլին Ալիեւի հրաւէրով մեկնած է Պաքու

Ղարիպաշվիլին Ալիեւի հրաւէրով մեկնած է Պաքու

Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլին Իլհամ Ալիեւի հրաւէրով մեկնած է Պաքու, հաղորդած է Վրաստանի վարչապետի գրասենեակը։

Նշուած է, որ Ղարիպաշվիլին, որպէս պատուաւոր հիւր պիտի մասնակցի Պաքուի մէջ կայանալիք SPECA-ի (Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան Կեդրոնական Ասիոյ տնտեսութիւններու յատուկ ծրագիր) 25-ամեակին նուիրուած տնտեսական համաժողովին։

Վրաստանի վարչապետը ելոյթ պիտի ունենայ համաժողովի շրջածիրէն ներս նախատեսուած պետութիւններու ղեկավարներու գագաթնաժողովին։

Թիֆլիսը նշած է, որ Վրաստանի վարչապետը պիտի հանդիպի նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։

SPECA-ի 25-ամեակի կապակցութեամբ այս տարուան համաժողովը կը նախագահէ Ատրպէյճանը:

Համաժողովի շրջածիրէն ներս Պաքու ժամանած են նաեւ Տաճիկստանի, Ղազախստանի, Ղրղըզստանի, Ուզպեքստանի նախագահները։