image

Գանատայի Հայ Աւետարանչական Միութեան օրինակելի նախաձեռնութիւնը, ի նպաստ Հայաստանի սահմանային շրջաններուն

 Գանատայի  Հայ Աւետարանչական Միութեան   օրինակելի նախաձեռնութիւնը,  ի նպաստ  Հայաստանի  սահմանային  շրջաններուն

 Օրերս կարեւոր  նախաձեռնութեամբ մը հանդէս  եկած է   Գանատայի  Հայ Աւետարանչական Միութիւնը,  որ   օժանդակութիւններ  ուղարկած է Հայաստանի սահմանամերձ  շրջաններուն։

 

 Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն քաղեց   ընկերակցութեան  դիմատետրի  էջէն, ուր  մասնաւորապէս կը գրուի 

 

 

Գանատայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը (ԳՀԱԸ) ուրախութեամբ կը յայտնէ, թէ Հայաստան եւ Արցախ ուղարկած է  անհրաժեշտ պաշար պարունակող բեռնարկղ՝ ատրպէյճանական բանակի վերջին վայրագութիւններէն տուժած սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներուն    հասցնելու համար։

 

 Այս առթիւ ալ  Գանատայի  ՀԱԸ-ի  վարչութիւնը   այս     առթիւ  ալ շնորհակալութիւն  յայտնած է  Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի հայ համայնքներուն գործադրած  ջանքերուն  եւ նպաստին համար:  Շնորհակալութեան  յատուկ խօսք  ուղղուած  է նաեւ ԳՀԱԸ -ն իր յատուկ երախտագիտութիւնը  յայտնած է  Օնթարիոյի Հայկական Միացեալ Հիւպատոսին, GlobalMeic-ին, Metrass Shipping-ին, Մոնթրէալի Հայ Աւետարանական Առաջին Եկեղեցիին,  եւ Մոնթրէալի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին, ինչպէս նաեւ բոլոր կամաւորներուն, որոնք մեծ նուիրուածութեամբ մասնակից դարձած են այս  աշխատանքներուն։

 Կը նշուի նաեւ, որ սոյն  աշխատանքներուն   հետեւած ու իրենց օրհնութիւնները  բաշխած   պատուելի Ճօրճ Տապոն,  ինչպէս   նաեւ Տէր Զարեհ քահանայ Զարգարեանն   ու  Գերպ. Տ. Վարդան  ծ. Վրդ.  Թաշճեանը։

 

   Ընկերակցութիւնը յատուկ շնորհակալութիւն  յայտնած է  Խորէն Մարտոյեանին, որ ջանք չխնայեց այս առաքումը համակարգելու համար:

 

   Նշենք, որ բեռնարկղի առաքումը    իրականացուած է Երկուշաբթի՝ 21 Նոյեմբեր,2022-ին։