Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ օրերս տեղի ունեցած է Իսլամական Ռամատանի ամսուան առթիւ մատուցուած ընթրիքը, որ կը կոչուի «Իֆթար»։
Շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած եւ ագանդական դարձած ընթրիքին իրենց մասնակցութիւնը բերած են Եգիպտոսի տարբեր ոլորտներու մէջ երեւելի անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին ալ արուեստի աշխարհին մէջ անուն ունեցող եւ հայկական արմատներ ունեցող աստղեր։
Ի դէպ ընթրիքին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ տուած է Գահիրէի մեր պաշտօնակից «Յուսաբեր»ը, ուրկէ ալ կը կարդանք՝
Ապրիլի 3-ի երեկոյեան, Հելիոպոլ- սոյ «Յուսաբեր» ակումբի պատշաճօրէն յարդարուած սիւնագաւիթին մէջ, Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախում- բի հրաւէրով, Հանրապետութեան նախագահի «Վերակենդանացնելով արմատ- ները» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ ներգաղթի եւ արտերկրի եգիպտացիներու գործերու պետական նախարար, դեսպան Սոհա Կենտի ներկայ գտնուեցաւ Ռամատանի Իֆթարի սեղանին, որուն շուրջ խմբուեցան եգիպտացի եւ եգիպտահայ հասարակութեան ներկայացուցիչներ։ Ձեռնարկն աւանդական էր, որուն շարքը անցած երկու տարիներուն պսակաձեւ ժահրի համաճարակին պատճառով ընդհատուած էր։
Երեկոյի ընթացքին, դեսպան Սոհա Կենտի շնորհակալութիւն յայտնեց հայ համայնքին՝ հաստատելով որ հայերը հազարամեայ պատմութիւն ունին Եգիպտոսի մէջ եւ հետք թողած են բոլոր բնագաւառներուն մէջ։
Եգիպտ-հայկական այս հաւաքին Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Արմէն Մազլումեանի հրաւէրին ընդառաջած էին Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի դեսպան դր. Հրաչեայ Փոլատեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Գրիգոր արքեպիսկոպոս Գուսան, Եգիպտոսի նախկին արտաքին նախարար դեսպան Մոհամմէտ էլ-Արաբի, Լուքսորի նախկին նահանգապետ՝ դեսպան Էզզաթ Սաատ, Յունաստանի, Կիպրոսի, Քուպայի եւ Վենեզուէլայի մօտ դեսպանները, խորհրդարանի եւ ծերակոյտի անդամներ, ակադեմական դէմքեր, հանրային գործիչներ, արուեստագէտներ, գրողներ, լրագրող-ներ եւ լրատուամիջոցներ։
Ներգաղթի նախարարը ողջունելով բոլոր ներկաները, ուրախութիւն յայտնեց Գահիրէի հայ համայնքի սիրալիր հրաւէրով այս առիթին իր մասնակցութեան առթիւ եւ հաստատեց, որ եգիպտահայերը երկրի ազգային հիւսուածքի անբաժանելի մասն են, որ կարեւոր դեր խաղացած են ժամանակակից Եգիպտոսի պատմութեան մէջ եւ ցարդ կը շարունակեն կարեւոր ներդրում ունենալ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն ամրապնդման մէջ։
Ան նաեւ անկեղծ շնորհակալութիւն եւ խորին երախտագիտութիւն յայտնեց Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի դեսպան Հրաչեայ Փոլատեանին եւ Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ բժիշկ Արմէն Մազլումեանին ջերմ ընդունելութեան եւ հիւրընկալութեան համար՝ աւելցնելով որ ինք՝ մանկապարտէզէն երկրորդական ուսումը ստացած է Հելիոպոլսոյ Հայ կաթողիկէ քոյրերու (Անարատ յղութեան) վարժարանը, որ կը շարունակէ ընկերութիւնը պահպանել դպրոցական հայ քանի մը ընկերներու հետ, որոնց հետ գեղեցիկ յիշատակ- ներ ունի։
Միացեալ Նահանգներ իր վերջին այցելութեան ընթացքին, նշեց նախարարուհին, հանդիպած է Գալիֆորնիոյ հայ համայնքի եգիպտական ծագումով շարք մը անդամներու՝ հաստատելով, որ երկու ժողովուրդներու յարա- բերութիւնները պատմութեան մէջ խոր արմատներ ունին, որ՝ զիրենք հրաւիրած է Եգիպտոս, 2017-ին հանրապետութեան նախագահի «Վերակենդանացնելով արմատները» նախաձեռնութեան յարատեւութեան լոյսին տակ, որով նախագահը կոչ ուղղած էր աշխուժացնել ժողովուրդներու մերձեցման եւ եգիպտական պետութեան քաղաքակիրթ դէմքն ու հարազատ պատկերը ցոյց տալու ջանքերը։
«Հայերը երկար ու արմատացած պատմութիւն ունեցած են Եգիպտոսի մէջ եւ հետք թողած են ամէն բնագաւառի մէջ, իսկ հայ եգիպտացիները կարեւոր դիրքերու հասած են՝ ճարտարագէտներ են, ձեռնարկատէրեր, ներդրողներ եւ արուեստագէտներ։ Անոնց հետ յատուկ պատմական կապերը մեզ կը միաւորեն եւ վստահ ենք երկու բարեկամ երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը զարգացնելու այս միասնական ջանքերու ունակութեան»։
Խօսքի աւարտին նախարարը մաղ-թեց, որ եկող հանգրուանն իսկական սկիզբ կը դառնայ տարբեր բնագաւառ- ներէ ներս եգիպտ-հայկական յարաբերութիւններու ամրապնդման համար, ինչպէս նաեւ ամենայն բարիք՝ յառաջընթաց եւ բարգաւաճում մաղթեց Հայաստանի Հանրապետութեան եւ անոր բարեկամ ժողովուրդին։
Արդարեւ, եգիպտ-հայկական յարաբերութիւններն ամուր՝ պատմական, մշակութային ժառանգութիւն եւ ժողովրդական յարաբերութիւններ աւանդած են. անցած Յունուարի վերջին նախագահ Ապտէլ Ֆաթթահ էլ-Սիսի Եգիպտոսի առաջին նախագահն էր, որ այցելեց Հայաստան վերջին 30 տարուան ընթացքին, կատարելով դրական քայլ, որուն նպատակն էր արգասաբեր համագործակցութեան ամրապնդումը, մշակոյթի, զբօսաշրջութեան, արդիւնաբերութեան, առեւտուրի եւ այլ բնագաւառներու մէջ համագործակցութեան միջոցով երկու երկիրներուն համար աւելի բարւոք ապագայ ապահովել։
Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ բժիշկ Արմէն Մազլումեան իր հերթին ողջունելով ներկաները եւ մասնակիցները, հաւաստեց, որ իֆթարի սեղանը կը մարմնաւորէ մնացած աշխարհէն տարբերող Եգիպտոսի ներքին միասնութիւնը, աւելցնելով, որ սրբազան այս ամսուն հնարաւորութիւն կ’ընձեռուի հանդիսադրելու հանդուրժողականութեան, ողորմածութեան, խաղաղ գոյակցութեան, երկխօսութեան արժէքները եւ դըր- սեւորելու միասնութիւն եւ համերաշխութիւն, որպէսզի կարենանք յաղթահարել մարդոց բաժնող եւ ազգի մարմինը բզկտող խռովայոյզ երկպառակութիւնը։ Ան աւելցուց, որ եգիպտահայերը Ռամատան ամիսը կը համարեն լաւագոյն առիթը՝ ցոյց տալու իրենց միաձուլումն ու հաւատարմութիւնը հայրենիքին եւ եգիպտական պետու- թեան, «քանի որ մենք եգիպտական հիւսուածքի անբաժան մասն ենք, եւ բաժնեկցումը մեր մահմետական եղբայրներու տօներուն կը համարենք ուրախութիւն եւ հնարաւորութիւն՝ ընդգծելու միասնութեան եւ համերաշխութեան արժէքները։ Եկէք միասին վայելենք այս առանձնայատուկ երեկոն եւ յուսանք, որ մեր բարեկամութեան եւ ընտանեկան ոգին կը շարունակեն ամրապնդուիլ եկող տարիներուն»։
Կազմակերպիչ մարմինն ու օժանդակները կանխահոգութիւնն ունեցած էին ապահովելու հիւրերու կրօնական պաշտամունքի բոլոր կարիքները, ինչ որ գնահատուեցաւ վերջիններուս եւ մամուլին կողմէ։