image

«Եթէ զգայ, որ դէպի պարտութիւն կ՚երթայ, ապա կրնայ կորիզային զէնք կիրառել». Ամերիկեան հետախուզութիւնը Փութինի մասին

«Եթէ զգայ, որ   դէպի պարտութիւն կ՚երթայ, ապա կրնայ կորիզային զէնք  կիրառել». Ամերիկեան հետախուզութիւնը Փութինի մասին

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը կրնայ Ուքրանիոյ մէջ պարտութեան հեռանկարը դիտարկել որպէս գոյաբանական սպառնալիք իր վարչակարգին համար, ինչ որ կրնայ դրդել միջուկային զէնքի կիրառման, նախազգուշացուցած է ԱՄՆ հետախուզութեան բարձրաստիճան պաշտօնեան:

Տուեալ նախազգուշացումը հնչած է հետախուզութեան ղեկավարներու գնահատականին մէջ, որ Ծերակոյտին ներկայացուցած է համաշխարհային սպառնալիքները: Ուքրանիոյ համար կանխատեսումը երկար, հիւծիչ պատերազմ է, որ կրնայ յանգեցնել Փութինի կողմէ աւելի ու աւելի անկայուն գործողութիւններու, ներառեալ ամբողջական զօրաշարժ, ռազմական դրութեան սահմանում, եւ եթէ Ռուսաստանի ղեկավարը զգայ, որ պատերազմը կ'երթայ իր դէմ` վտանգելով անոր դիրքը Մոսկուայի մէջ, նոյնիսկ միջուկային մարտագլխիկի օգտագործումը:

Ազգային հետախուզութեան տնօրէն Ավրիլ Հէյնսը Ծերակոյտի զինուած ծառայութիւններու յանձնաժողովին ըսած է, որ Փութինը պիտի շարունակէ «թափահարել» Ռուսաստանի միջուկային զինանոցը` փորձելով ետ պահել ԱՄՆ-ն եւ անոր դաշնակիցները Ուքրանիոյ հետագայ աջակցութենէն:

Ռուսաստանի ղեկավարը միջուկային զէնք պիտի չօգտագործէ, քանի դեռ չի տեսներ գոյաբանական սպառնալիք Ռուսաստանի կամ անոր վարչակարգին համար, պնդած է Հէյնսը: Միեւնոյն ժամանակ ան աւելցուցած է, որ Փութին կրնայ Ուքրանիոյ մէջ պարտութեան հեռանկարը դիտարկել որպէս նման սպառնալիք:

«Մենք իսկապէս կը կարծենք, որ Փութինի գոյաբանական սպառնալիքի ընկալումը կրնայ ըլլալ այն պարագային, եթէ ան ընկալէ, որ կը պարտուի Ուքրանիոյ մէջ պատերազմին, կամ որ ՆԱԹՕ-ն, ըստ էութեան, կա՛մ կը միջամտէ, կա՛մ կը պատրաստուի միջամտել այդ ծիրին մէջ...», ըսած է Հէյնս:

Հետախուզութեան ղեկավարները նաեւ նշած են, որ Փութինը մտադիր է գրաւելու Լուկանսքի եւ Տոնեցքի շրջանները, ինչպէս նաեւ անոնց շուրջ պուֆերային գօտին` ապահովելու ցամաքային կամուրջ դէպի Խրիմ: Ան կը փափաքի պահել Խրիմէն հիւսիս գտնուող Խէրսոնը, որպէսզի ապահովէ թերակղզիին ջրամատակարարումը:

Սակայն, ըստ պաշտօնեաներուն, անոր յաւակնութիւնները անով չեն սահմանափակուիր: Ըստ Հէյնսի` կան «ցուցումներ», որ Փութինը կը փափաքի երկարացնել ցամաքային կամուրջը մինչեւ Մերձդնեսթր` անով իսկ վերահսկելով Ուքրանիոյ ամբողջ Սեւ ծովի ափը:

Հէյնս, սակայն, ըսած է, որ Փութինին կը սպասէ դժուարին խնդիր, եւ որ ցամաքային կամուրջի երկարացումը մինչեւ Մերձդնեսթր, ներառեալ Օտեսան գրաւելը, հնարաւոր պիտի չըլլայ առանց լիարժէք զօրաշարժի: Ան յաւելած է, որ Տոնպասի գրաւումը եւ պուֆերային գօտին քիչ հաւանական է յառաջիկայ մի քանի շաբթուայ ընթացքին:

Պաշտպանական հետախուզութեան գործակալութեան ղեկավար, զօրավար Սքոթ Պերիերը յայտարարած է, որ ԱՄՆ-ն կը կարծէ, որ 8-10 ռուս զօրավարներ սպաննուած են մինչ այժմ հակամարտութեան ընթացքին: