image

Էրտողան մեկնած է Քաթար

Էրտողան  մեկնած է Քաթար

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը սեպտեմբեր 15-ին մեկնած է Քաթար՝ մասնակցելու Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԻՀԿ) եւ Արաբական պետութիւններու լիկայի (ԱՊԼ) գագաթնաժողովին։

Այս մասին յայտնած է թրքական «Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը:

Էրտողանին Քաթար ուղեկցած են անոր կինը՝ Էմինէ Էրտողանը, Ազգային հետախուզական կազմակերպութեան ղեկավար Իպրահիմ Քալընը, նախագահի արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով գլխաւոր խորհրդական Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըչը, նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու գրասենեակի ղեկավար Պուրհանեթթին Տուրանը եւ Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան փոխնախագահ, առողջապահական քաղաքականութեան գրասենեակի ղեկավար, փրոֆեսոր Հալիթ Էրեպաէանը։