image

Էրտողան կը զիջի դիրքերը․ Թուրքիոյ մէջ ընտրողներուն կէսը կ'աջակցի ընդդիմադիր դաշինքին

Էրտողան կը զիջի դիրքերը․ Թուրքիոյ մէջ ընտրողներուն կէսը կ'աջակցի ընդդիմադիր դաշինքին

Թուրքիոյ մէջ առաջատար MetroPoll ընկերութեան կողմէ կատարուած նոր հարցախոյզին համաձայն` ընտրողներուն 49,7 տոկոսը ըսած է, որ «աւելի մօտ կը զգայ իրեն» երկրի ընդդիմադիր դաշինքին կամ զանոնք «կը նախընտրէ» Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի իշխող դաշինքէն: 

Հետազօտութիւնը կայացուած է Յունուար 8-12-ին, երկրի 28 նահանգներու մէջ: Արդիւնքներիուն համաձայն` հարցման մասնակիցներուն 49,7 տոկոսը նշած է, որ իրեն աւելի մօտ կը զգայ ընդդիմադիր «Ազգային դաշինք»ին, որը կազմուած է ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական եւ ազգայնական «Լաւ» (IYI) կուսակցութիւններէն:  Մասնակիցներուն 40 տոկոսն ալ ըսած է, որ աւելի մօտ կը զգում նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի «Ժողովուրդներու դաշինք»ին, որ կը ներառէ իշխող Արդարութիւն եւ Զարգացում եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնները:

MetroPoll-ը կը նշէ, որ ընդդիմադիր «Ազգային դաշինք»ին համազգային աջակցութիւնը աճած է` հասնելով 49,7 տոկոսի, մինչդեռ «Ժողովուրդներու դաշինք»ին աջակցութիւնը 42,1 տոկոս է:  Կը նշուի, որ այս տուեալները չեն արտացոլեր ելեկտրաուժանիւթի ու բնական կազի թանկացումներու հետեւանքով մարդոց վրայ աւելցած ճնշումը: Ան յաւելած է, որ այդ պարզ կը դառնայ փետրուարեան  հարցումներու արդիւնքներով: