image

Էրտողան եւ Թրամփ քննարկած են Ուքրանիոյ, Սուրիոյ եւ պաշտպանութեան հարցերը. Reuters

Էրտողան եւ Թրամփ քննարկած են Ուքրանիոյ, Սուրիոյ եւ պաշտպանութեան հարցերը. Reuters

Թուրքիայի նախագահ Ռեճեփ Թայէպ Էրտողան հեռախօսազրոյց ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ եւ քննարկած Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ պատերազմի աւարտին եւ Սուրիոյ մէջ կայունութեան վերականգնմանն ուղղուած ջանքերը, յայտնած են Էրտողանի գրասենեակէն։

Այս մասին կը տեղեկացնէ Reuters գործակալութիւնը:

Էրտողան Թրամփին վստահեցուցած է, որ Թուրքիան կ՚աջակցի Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ պատերազմին վերջ տալու անոր «վճռական եւ ուղղակի նախաձեռնութիւններուն», եւ որ Թուրքիան պիտի շարունակէ ձգտիլ «արդար ու կայուն խաղաղութեան», ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Էրտողան անդրադարձած է Սուրիոյ խնդրին եւ նշած է «Սուրիոյ նկատմամբ պատժամիջոցներու չեղարկման համատեղ աջակցութեան կարեւորութիւնը՝ կայունութեան վերականգնման, նոր վարչակազմի գործունէութեան ապահովման ու կարգաւորման համար»՝ աւելցնելով, որ այդ թոյլ պիտի տայ սուրիացիներուն վերադառնալ հայրենիք: Թուրքիան նաեւ Միացեալ Նահանգներէն քայլեր կ՚ակնկալէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցով՝ հաշուի առնելով Թուրքիոյ շահերը, ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Սուրիոյ մէջ «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարին մէջ Միացեալ Նահանգները դաշնակից է Սուրիոյ քիւրտ զինեալներու հետ, որոնց Թուրքիան կը համարէ ահաբեկչական խմբաւորում: Անգարան խստօրէն քննադատած է Միացեալ Նահանգներու այս դիրքորոշումը՝ որպէս դաւաճանութիւն ՆԱԹՕ-ի դաշնակցի հանդէպ։

Միացեալ Նահանգներու նախագահի հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին Էրտողան խօսած է Թուրքիոյ նկատմամբ պատժամիջոցները դադրեցնելու, Անգարայի F-16-ի գնման գործընթացն աւարտին հասցնելու եւ F-35 ծրագրին Թուրքիոյ մասնակցութիւնը վերականգնելու անհրաժեշտութեան մասին, որ, ըստ թրքական կողմի, պիտի նպաստէ երկու երկրի պաշտպանական արդիւնաբերութեան համագործակցութեան զարգացման:

Նախապէս Անգարայի կողմէ ռուսական S-400 զէնիթահրթիռային համալիրներու գնումը յանգեցուցած է Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցներու սահմանման ու 2019 թուականին Թուրքիան F-35 կործանիչներու ծրագրէն հեռացնելուն: