image

Էրտողան դէպի Էմիրութիւններ

Էրտողան դէպի Էմիրութիւններ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան այսօր պաշտօնական այցով պիտի մեկնի Ապու Տապի, ուր հանդիպում պիտի ունենայ թագաժառանգ, արքայազն Մոհամմատ իպն Զայիտ Ալ Նահյանի եւ այլ արաբ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ:

Հանդիպման ժամանակ կը նախատեսուի քննարկել Թուրքիա-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ համագործակցութեան ընդլայնման հարցը տարբեր ոլորտներու մէջ: Պիտի քննարկուի տարածաշրջանային, միջազգային շարք մը խնդիրներ ու հարցեր:

Թրքական լրատուՠմիջոցները կը յայտնեն, որ Թուրքիան ու ԱՄԷ-ն կը պատրաստուին ստորագրելու 12 պայմանագիր, որոնք կ'առնչուին առեւտրային, ռազմական, բեռնափոխադրման, առողջապահական եւ արհեստագիտական ոլորտներուն:

Յիշեցնենք, որ 2021-ին  Էրտողանը Անգարայի մէջ ընդունած էր Նահյանը: Այդ թագաժառանգի եւ ԱՄԷ ամենաազդեցիկ պետական գործիչի առաջին այցն էր Թուրքիա 2012-էն ի վեր: