Երեւանը նոր քաղաքապետ ունի. այսուհետ այդ պաշտօնը կը զբաղեցնէ քաղաքապետի առաջին տեղակալ` Հրաչեայ Սարգսեան:
Քիչ առաջ «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը անվստահութիւն յայտնեց արդէն նախկին քաղաքապետ՝ Հայկ Մարութեանին: Աւագանիի գրանցուած 56 անդամներէն 44-ը կողմ քուէարկած է «Երեւանի քաղաքապետին անվստահութիւն յայտնելու» նախագիծին, 10-ը՝ դէմ, 3 քուէաթերթիկ ալ անվաւեր համարուած է:
Աւելի վաղ, Երեւանի աւագանիի «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը նախաձեռնած էր քաղաքապետ Հայկ Մարութեանին անվստահութիւն յայտնելու գործընթաց, քաղաքապետի պաշտօնին առաջադրելով Հրաչեայ Սարգսեանին թեկնածութիւնը: