Հայաստանի AMMA-ի Կեդրոնական Գրասենեակէն վերահասու դարձանք, թէ ՝
Օրերս AMAA-ի եւ Միջազգային Քրիստոնեայ-դեմոկրատական Զարգացման հիմնադրամի միջեւ ստորագրուեցաւ համագործակցութեան պայմանագիր։
Այս գործընկերութեան արդիւնքով ուսման վարձի փոխհատուցում պիտի ստանան կրթաթոշակի ամենամեայ ծրագրի այն դիմորդները, որոնք կը մասնագիտանան յատկապէս քաղաքագիտութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու ոլորտի մէջ։