Պաղեստինեան «Համաս» շարժման պատուիրակութիւնը՝ Կազայի հատուածի արմատականներու առաջնորդ Խալիլ ալ-Հէյայի գլխաւորութեամբ, ժամանած է Եգիպտոս՝ Իսրայէլի հետ անուղղակի բանակցութիւնները վերսկսելու նպատակով։ Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին կը նշուի «Համաս»-ի Telegram ալիքի մէջ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։
Կ՚ակնկալուի, որ քննարկումներու ընթացքին պիտի շօշափուի ոչ միայն Կազայի մէջ կրակի դադրեցման հարցը, այլ նաեւ իսրայէլեան զօրքերու դուրսբերումն ու գերիներու փոխանակումը։
Աւելի վաղ Եգիպտոսի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտնած էր, որ Իսրայէլի եւ «Համաս»-ի միջեւ անուղղակի բանակցութիւններու նոր փուլը պիտի կայանայ իրենց երկրին մէջ՝ հոկտեմբեր 6-ին։ Կողմերը կը ծրագրեն քննարկել խնդրի կարգաւորումը՝ հիմնուելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի առաջարկած ծրագրին վրայ։ Խորհրդակցութիւններու վայրը չէ յայտարարուած։
Եգիպտական մամուլի տուեալներով՝ հանդիպումը կրնայ տեղի ունենալ մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ կամ Շարմ ալ-Շէյխ քաղաքին մէջ։
Սեպտեմբեր 29-ին Սպիտակ Տունը հրապարակած էր Թրամփի՝ Կազայի հակամարտութեան կարգաւորման ծրագիրը։ Փաստաթուղթը կը բաղկանայ 20 կէտերէ։ Այն կը նախատեսէ ժամանակաւոր արտաքին կառավարութիւն Կազայի մէջ եւ՝ միջազգային ուժերու տեղակայում։ Իսրայէլ յայտարարած է, որ համաձայն է այս ծրագիրին։
Հոկտեմբեր 3-ին «Համաս»-ը միջնորդներուն ներկայացուցած է իր պատասխանը Թրամփի առաջարկին՝ յայտնելով պատրաստակամութիւնը ազատ արձակելու բոլոր ողջ մնացած իսրայէլցի պատանդները եւ յանձնելու զոհուածներու մարմինները։