Մարդու իրաւունքներու շրջագիծէն ներս, անվտանգութեան կարեւոր ազդակներէն է կարեւորութիւն տալ բանտերուն ու զարգացնել զանոնք: Անոնք կը նկատուին պատժական համակարգի առաջնահերթութիւններէն, ըստ մարդու իրաւունքներու ազգային ռազմավարական սկզբունքներուն, որ վերջերս մեկնարկեց Եգիպտոսի նախագահ Ապտըլ Ֆաթթահ Ալ Սիսին:
Օրերս Եգիպտոսի իշխանութիւնները բացումը կատարեցին աշխարհի ամէնէն մեծ բանտային համալիրին, Գահիրէի հիւսիսային կողմը գտնուող Ալ Պուհայրա նահանգի «Ուատի Ալ Նաթրուն» շրջանին մէջ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Սքայ Նիուզ կայքէն:
Այս իրադարձութեան մասին Եգիպտոսի Ներքին գործոց նախարարութիւնը իր պաշտօնական եութուպեան եւ ընկերային հարթակներով վաւերագրական շարժապատկեր մը տարածած է «Կեանքի իրաւունքը» վերնագրով, նաեւ երգ մը՝ «Կեանքի առիթ» վերնագրով, որ կատարած է եգիպտացի յայտնի երգիչ՝ Միտհաթ Սալեհ ընկերակցութեամբ Մայ Ֆարուքի: Զոյգ գործերուն նպատակը եղած է ներկայացնել բանտի կառուցման փուլերը, իսկ բանտը պիտի կոչուի Ուատի Ալ Նաթրունի «Վերականգնողական ու վերապատրաստման կեդրոն»:
Ըստ Եգիպտոսի Ներքին գործոց նախարարութեան տուեալներուն՝ բանտը պիտի ղեկավարուի արդիական սարքերով ու միջոցներով։ Ան այնպէս պատրաստուած է, ուր բանտարկեալը պիտի զգայ որ արժանապատիւ կեանք մը կը վարէ, ուր նաեւ պիտի ըլլայ արդիական մարզասրահներ, ժամանցի վայրեր եւ մեծ պաստառներով հեռատեսիլներ:
«Մարդու իրաւունքներու շրջագիծէն ներս, անվտանգութեան կարեւոր ազդակներէն է կարեւորութիւն տալ բանտերուն ու զարգացնել զանոնք: Անոնք կը նկատուին պատժական համակարգի առաջնահերթութիւններէն, ըստ մարդու իրաւունքներու ազգային ռազմավարական սկզբունքներուն, որ վերջերս մեկնարկեց Եգիպտոսի նախագահ Ապտըլ Ֆաթթահ Ալ Սիսին», ըսած է Ներքին Գործոց նախարարութիւնը:
Ըստ աղբիւրին, Ներքին Գործոց նախարարութիւնը պաշտօնական այցելութիւն մը կազմակերպած է նորակառոյց բանտ, որուն մասնակցած են միջազգային դիւանագիտական պատուիրակութիւններ, Մարդու Իրաւունքներու կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, խորհրդարանական յանձնախումբեր, արաբական ու օտար լրատուական գործակալութիւններ:
Ըստ նախարարութեան, բանտի կառուցումը տեւած է 10 ամիս, որուն գործի դրուելէն ետք, պիտի փակուին 12 այլ շրջաններու բանտեր: Իսկ նիւթական առումով՝ բանտի կառուցման ծախսերը բեռ չեն պետութեան պիւտճէին նկատի առնելով, որ այլ բանտերու փակումէն զեղչուած ծախսերը շատ աւելի պիտի ըլլան նորակառոյց բանտի կառուցման ծախսերէն:
Նախարարութիւնը շեշտած է, թէ բանտը կառուցուած ու պատրաստուած է այնպիսի մասնագիտական ձեւով, որ պիտի օգնէ այնտեղ մնացած բանտարկեալներուն, իրենց ազատ արձակուելէն ետք դրական ներդրում ունենան հասարակութեան մէջ:
Կեդրոնը բացի բանտերէն, կը ներառէ նաեւ դասարաններ, կրօնական աղօթատեղիներ, արհեստի ու արուեստի աշխատանոցներ եւ մարզադաշտեր: Նաեւ այնտեղ կայ արդիական հիւանդանոց: Կան նոյնիսկ զբօսավայրեր բանտարկեալներու պզտիկներուն համար: Նոյն համալիրին մէջ կառուցուած է նաեւ 8 դատարաններ: