Չինաստանի մէջ նոր թափ կը ստանան կառավարութեան հակաքովիտային միջոցառումներու աշխուժացման դէմ բողոքի ցոյցերը, ընդ որում ցուցարարները նաեւ քաղաքական հակակառավարական կարգախօսներ կը հնչեցնեն։
Հազարաւոր ցուցարարներ դուրս եկած են Շանհայի փողոցներ, կը գրէ BBC-ն՝ մանրամասնելով, որ իր թղթակիցները տեսած են՝ ինչպէս մարդիկ կը հրուին ոստիկանական ինքնաշարժներու մէջ:
Ուսանողները ցոյցեր կը կատարեն նաեւ Փեքինի եւ Նանքինի համալսարաններուն մէջ։
Շանհայի մէջ բողոքի ցոյցի ժամանակ մարդիկ բացայայտ կը պոռային «Սի Ծինփի՛ն, հեռացի՛ր», «Կոմունիստական կուսակցութի՛ւն, հեռացի՛ր» կարգախօսները։ Նման կարգախօսները բաւականին անսովոր են Չինաստանի մէջ, ուր կառավարութեան եւ պետութեան ղեկավարի ցանկացած ուղղակի քննադատութիւն, որպէս կանոն, տխուր ձեւով կ'աւարտի, կը գրէ աղբիւրը։
Բայց վերլուծաբանները կը նշեն, որ կառավարութիւնը կարծես թէ շատ լուրջ թերագնահատած է աճող դժգոհութիւնը հակաքովիտային քաղաքականութեան վերաբերեալ: Դժգոհութիւնը կապուած է յատկապէս Սի Ծինփինի հետ, որ վերջերս խոստացած է, որ խիստ քաղաքականութիւնը կը շարունակուի: