image

Ցեղապաշտութեան ծայրայեղ դրսեւորում՝ Իզմիրի մէջ. Թիրախը սուրիացի արաբներն են (Տեսանիւթ)

 Ցեղապաշտութեան ծայրայեղ դրսեւորում՝ Իզմիրի մէջ. Թիրախը սուրիացի արաբներն են (Տեսանիւթ)

Հերթական անգամ Թուրքիա հասած սուրիացի փախստականները թիրախ կը դառնան ցեղապաշտական մօտեցումներու։

Այս մասին տեղեկութիւնը հրպարակած է թրքական «Սապահ» պարբերականը նշելով, որ Իզմիրի մէջ բանող հանրակառքի վրայ եղած երեք սուրիացի կանայք յարձակումի եւ լուտանքներու ենթարկուելէ ետք վտարուած են կառքէն։

 

 Աղբիւրը նաեւ կը յայտնէ, որ հանրութեան մէջ որոշակի բողոք նկատուած է, երբ իմացած են, թէ կանայք գրոհի ենթարկուած են իրենց զաւակներուն առջեւ։

 Մէկէ աւելի թուրք լրագրողներ դատապարտած եւ անընդունելի համարած են եղածը գրելով նաեւ, որ «Սուրիոյ պատերազմի դժոխքէն խոյս տուած գաղթականները արժանի չեն նման վարմունքի»։

 Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ մէջ մասնաւորապէս վերջին հինգ տարիներուն սուրիացի արաբներուն հանդէպ ժխտական ալիք մը գոյացած եւ այդ մօտեցումին հիմնական պատճառն այն է, որ աժան աշխատավարձ ստանալով սուրիացիներ սկսած են գրաւել շատ մը թուրքերու համար կարեւոր նկատուող պաշտօնները ամենատարբեր ոլորտներու մէջ։

 

  Լուրը համադրաբար՝Arevelk.am