Այսօր՝ 15 յուլիսին, Հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի յանձնաժողովը նիստ գումարած է: Օրակարգի վրայ եղած է մայրաքաղաքային հեռասփռման իրաւունք ստանալու մրցոյթի մասնակիցներու յայտերու վարկանշային քուէարկութան եւ յաղթողի ընտրութեան վերաբերեալ հարցը:
Նիստի օրակարգի հաստատումէն ետք Յանձնաժողովի անդամները փակ եւ գաղտնի քուէարկութեան միջոցով գնահատած են մայրաքաղաքային սփռման մրցոյթի մասնակիցները:
Նշենք, որ մայրաքաղաքային հեռասփռման իրաւունք ստանալու մրցոյթին մասնակցութեան յայտ ներկայացուցած էին չորս՝ «ԲՈՒՆ» գիտամշակութային հիմնադրամ, «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԵՌՈՒՍՏԱԱԼԻՔ», «ԵԱՆ ԹԻ ՎԻ» եւ «ԹԻՒ 1 ՀԵՌՈՒՍՏԱԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆ 2020» ՍՊ ընկերութիւնները, որոնք վարկանշային քուէարկութեամբ ստացած են համապատասխանաբար 101, 73, 84 եւ 69 միաւոր:
Այսպիսով, վարկանիշային քուէարկութեան միջոցով մայրաքաղաքային սփռման մրցոյթի յաղթող ճանչցուած է «ԲՈՒՆ» գիտամշակութային հիմնադրամը: