ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը բողոքի ցոյց կազմակերպած է ԱԳՆ-ի դիմաց՝ ընդդէմ սփիւռքահայերու՝ Հայաստան մուտք գործելու ապօրինի արգելքի:
«Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւններում սեպ խրելն անթոյլատրելի է»,-նշուած է իրազեկման յայտարարութեան մէջ:
Յիշեցնենք, որ վերջին օրերուն երեք սփիւռքահայ դաշնակցական գործիչներու թոյլ չէ տրուած մուտք գործել Հայաստան: Խօսքը ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող Մուրատ Փափազեանի, ՀՅԴ Հոլանտայի Հայ Դատի ատենապետ Մասիս Աբրահամեանի եւ «Գարեգին Նժդեհ» երիտասարդական միութեան անդամ Սիւնէ Աբրահամեանի մասին է: