image

Բերիոյ Թեմի Առաջնորդի այցը՝ Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդին (Լուսանկարներ)

Բերիոյ Թեմի Առաջնորդի այցը՝ Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդին (Լուսանկարներ)

Օրերս Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Բերիոյ (Հալէպ) Թեմի առաջնորդ ՝ Գերշ. Տ. Մակար արք. Աշքարեան պատուիրակութեան մը գլխուն այցելութիւն տուած են Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարան եւ ընդունուած ՝ Առաջնորդ Գերյ. Տ. Գէորգ եպս. Ասատուրեանին կողմէ։

 Ուշագրաւ է, որ  պատուիրակութեան մաս կազմած է Լիբանանեան Խորհրդարանի  «Հայկական երեսփոխական պլոք»ի ներկայացուցիչ, եւ ՀՅԴ պատասխանատու՝ Տիար Յակոբ Բագրատունին։

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցող հասարակութեան կը ներկայացնենք այդ առթիւ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանին կողմէ  տրուած լրատւութիւնը՝

Հինգշաբթի, 1 փետրուար 2024-ի երեկոյեան,Արհի. Տ. Գէորգ եպս. Ասատուրեան Դամասկոսի Կաթողիկէ Հայոց առաջնորդը ընդունեց եղբայրական այցելութիւնը Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ.Մակար եպս. Աշգարեանի,ինչպէս նաեւ Լիբանանի խորհրդարանի երեսփոխան Տիար Յակոբ Բագրատունիի: Պատուարժան հիւրերուն կ՝ընկերանային Տիար Ժիրայր Րէիսեան,Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ եւ Բերիոյ թեմի ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ, Տիար Վրէժ Եագուպեան,Բերիոյ հայոց թեմի Յարաբերական յանձնախումբի անդամ ,Մեթր Սիւնպիւլ Սիւնպիւլեան,Բերիոյ թեմի Ազգային վարչութեան քաղաքական ժողովի ատենապետ, տիկին Նորա Գրաճեան, Բերիոյ թեմի երեսփոխանական ժողովի անդամ, ինչպէս նաեւ Տիար Արմէն Ուրֆալեան,Դամասկոսի «Աւետիս Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութեան ատենապետ: Գերապայծառ Տիրոջ կողքին մեծայարգ հիւրերը ընդունեցին Գեր. Հ.Գէորգ վրդ. Պահէեանը ժողովրդապետը համայնքին ու պարոնայք Սարգիս Պուրունսուզեանն ու Շանթ Քէշիշեանը:

Ջերմ ու սիրալիր զրոյցի ընթացքին Գերապայծառ Տէրը տեղեկութիւններ փոխանցեց Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ համայնքի մասին, իր մեծ ուրախութիւնը յայտնելով հանդիպելու Սրբազան հօր ու պատուարժան ազգայիններուն,մանաւանդ Տիար Յակոբ Բագրատունիին հետ,որու հետ տարիներու մտերմութիւն ու բարեկամութիւն ունի: Այցելութիւնը աւարտեցսւ պահը անմահացնող խմբանկարով մը, եկեղեցւոյ բակին մէջ, Նահատակաց յուշակոթողին առաջ: