Երեւանէն բարի լուր ստացանք։
Վաղարշ Քանտիլեան ընդ Էլիա Մանուկեան արժանացած են Սուրբ Պսակի Խորհուրդին։
Նշենք, որ Սուրբ Պսակի արարողութիւնը տեղի ունեցած է Երեւանի Սուրբ Սարգիս Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ ի ներկայութիւն ընտանեկան պարագաներու, հարազատներու եւ բարեկամներու։
Արմատներով Հալէպէն ՝Վաղարշ, որ պատերազմին հետեւանքով հայրենադարձած է այսպիսով նոր օճախ մը կը հիմնէ իր սիրեցեալ Ալիաին հետ, որ արմատներով Թիֆլիզահայ է։
Երկու երիտասրդ հայորդիները մասնագէտ են համակարգչային ոլորտին մէջ ու իրենց ներդրումը ունին հայրենի երկնքին տակ։
Այսպիսով ալ անոնք նոր ուխտ մը կատարելով կը խոստանան խթանել ու սատար կանգնիլ հայկական արժէքներու պահպանման ու նաեւ արդիական ոգիով շարունակելու իրենց ծառայութիւնը Մայր Հայրենիքին մէջ։
Մեր սրտագին բարեմաղթութիւնները նորապսակ զոյգին։