image

Բարի ապաքինման մաղթանք՝ Զաւէն Խանճեանին

 Բարի ապաքինման մաղթանք՝ Զաւէն Խանճեանին

 Մեր ունեցած տեղեկութիւններով վիրաբուժութիւնը անցած է յաջող եւ ներկայիս Տիար Զաւէն Խանճեան կը բոլորէ ապաքինման շրջան մը։

Օրերս Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ-AMAA ) գործադիր Տնօրէն Տիար Զաւէն Խանճեան ենթարկուած է սրտի վիրաբուժական գործողութեան։

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Միացեալ Նահանգներէն։

Մեր ունեցած տեղեկութիւններով վիրաբուժութիւնը անցած է յաջող եւ ներկայիս Տիար Զաւէն Խանճեան կը բոլորէ ապաքինման շրջան մը։

Շուտափոյթ ապաքինում եւ քաջառողջութիւն կը մաղթենք Զաւէն Խանճեանին, մաղթելով անոր ամբողջական կորով եւ արագ վերադարձած դէպի նուիրական կեանք։ Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Հալէպի ծնունդ Խանճեան վերջին տարիներուն մեծ աշխուժութեամբ եւ գերազանց ներուժով կը վարէ ԱՀԱԸ-ի Գործադիր Տնօրէնի այդքան պատասխանատու պաշտօնը։