image

Բանակէն ետք հերթը հասաւ ԱԳ նախարարութեան. Սուրէն Սարգսեանէն կարեւոր դիտարկում

Բանակէն ետք հերթը  հասաւ ԱԳ նախարարութեան. Սուրէն Սարգսեանէն կարեւոր դիտարկում

Արցախեան վերջին պատերազմէն յետոյ այդ պատերազմի արդիւնքներով որեւէ մէկը բաւարարուած չէ. Բաւարարուած չենք, որովհետեւ կորսնցուցած ենք, բաւարարուած չէ Ատրպէյճանը, որովհետեւ չէ կրցած ամբողջութեամբ վերցնել Արցախը, բաւարարուած չէ ռուսական կողմը, որովհետեւ պէտք է աւելի մեծ տարածքի վրայ կարենար իր խաղաղապահ առաքելութիւնը տեղակայել, խօսքը Հատրութի մասին է, եւ բնականաբար, բաւարարուած չէ նաեւ Իրանը, որովհետեւ աւելի մեծ սահման, որ Արցախի պաշտպանութեան բանակի վերահսկողութեան տակ կը գտնուէր, հիմա դարձած է Ատրպէյճանի հետ սահման, ինչ որ Իրանի համար լուրջ խնդիրներ կը ձեւաւորէ: Այս մասին, «Պատերազմ եւ կապիտուլյացիա. մէկ տարի անց» թեմայով քննարկման ժամանակ ըսաւ միջազգայնագէտ Սուրէն Սարգսեանը՝ յաւելելով, որ Իրանի համար խնդիրներ կը յարուցանէ նաեւ Սիւնիքի, այսպէս կոչուած, միջանցքը:

«Հիմա պատերազմական գործողութիւններն աւարտուել են, ժամանակն էր դիւանագիտութեամբ ինչ-որ բաներ փորձել ետ բերել կամ վերականգնել, բայց ցաւօք սրտի, այդ ունակութիւնը, ռեսուրսները չունենք», ըսաւ ան:

Սուրրն Սարգսեանը նկատեց, որ տարիներ շարունակ այս իշխանութիւնը կը կազմաքանդէր բանակը, հիմա հետեւողականօրէն կը կազմաքանդէ արտաքին գործերու նախարարութիւնը՝ այն մարմինը, որ պատասխանատու է դիւանագիտական աշխատանքի, արտաքին ճակատի համար։

«Այստեղ ամէն ինչ հետեւողական կերպով քանդուքարափ է արւում։ Լուրջ խնդիրներ, մարտահրաւէրներ կան, ցաւօք սրտի, ես կարծում եմ, որ չունենք լուրջ հնարաւորութիւններ, արտաքին ու ներքին ռեսուրսներ այդ մարտահրաւէրներին դիմակայելու համար», նշեց ան՝ ընդգծելով, որ հիմա մեր պետութեան համար ամենածանր ժամանակահատուածն է։

Անոր խօսքով, այն ինչ տեղի ունեցած է ու դեռ տեղի կ'ունենայ, կործանարար նշանակութիւն պիտի ունենայ Հայաստանի համար։