Ուքրանիոյ գրաւոր առաջարկները կ՛ենթադրեն հրաժարում Խրիմը եւ Սեւասթոփոլը ռազմական ճանապարհով վերադարձնելու ցանկութենէն, ըսած է Ուքրանիոյ պատուիրակութեան հետ ռուսական կողմի գլխաւոր բանակցորդ Վլատիմիր Մետինսքին: Նաեւ, ըստ անոր, Քիեւի առաջարկները կը ներառեն այն երկիրներու ցանկը, որոնք պիտի ըլլան Ուքրանիոյ անվտանգութեան երաշխաւորները:
Մետինսքին յաւելածէ, որ Քիեւի առաջարկները կը ներառեն Ուքրանիան միջազգային իրաւական երաշխիքներով մշտապէս չէզոք պետութիւն հռչակելը:
Թուրքիոյ մէջ կայացած ռուս-ուքրանական բանակցութիւններուն ձեռք բերուած է ամենաէական յառաջընթացը, նման կարծիք յայտնածէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն:
«Մենք կը տեսնենք, որ այսօրուայ հանդիպման ընթացքին որոշակի յառաջընթաց արձանագրուած է, որոշ հարցեր համաձայնեցուած են», ըսած է Չաւուշօղլուն՝ յաւելելով, որ աւելի բարդ հարցերը պէտք է քննարկուին Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ նախագահներ` Վլատիմիր Փութինի եւ Վոլոտիմիր Զելենսքիի մակարդակով:
Չաւուշօղլուն յոյս յայտնած է, որ Ուքրանիոյ մէջ հրադադարի հաստատումը պիտի բերէ երկարաժամկէտ քաղաքական կարգաւորման: