«Փաշինեանը թշնամուն բերել է մեր պետութեան ննջարան, նոյնիսկ մահճակալն է տրամադրում»: Այս մասին այսօր՝ 15 Նոյեմբերին, մամլոյ ասուլիսի ժամանակ նշեց ԱԺ-ի նախկին պատգամաւոր՝ Ռուբէն Յակոբեան։
Յակոբեանի խօսքով՝ ինչպէս էրտողանը եւ Ալիեւը կը վարուին Նիկոլ Փաշինեանին հետ, նոյնը վերջինս կը ցանկայ ընել երկրի ներսը, ընդդիմութեան հետ:
Յակոբեան յիշեց, որ Փաշինեան իշխանութիւնը բռնագրաւելու համար գրաւեց ռազմավարական նշանակութեան Ռատիոտունը եւ յայտարարեց, որ պետութիւնը փրկելու համար այսօր ժողովուրդը պէտք է գրաւէ ռատիոկայանը եւ պետական պահպանութեան բոլոր կառոյցները:
«Մի հողատուի պատճառով մեր երկիրը կործանւում է, անցեալը, ներկան եւ ապագան վարի են տալիս»,- յայտարարեց բանախօսը եւ շեշտեց, որ նախորդ օրը հայկական դիրքեր մտնելու ատրպեճանցիներու տեսագրութիւնները դիտելով, բնական հայ տղամարդ մը չէր կրնար գետին չմտնել:
Ըստ Յակոբեանին՝ հայու ներկայ սերունդը տեսած է, թէ ինչպէս ատրպեճանցիները ծնկաչոք եղած են իր առջեւ, իսկ այսօր յանկարծ կը տեսնէ, որ ատրպեճանցիները ձեռք կ'առնեն զինք ու այդ պայմաններուն մէջ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան նիստին կը խօսի կուպրի որակի մասին:
«Այն, ինչ արւում է՝ արւում է պայմանաւորուածութիւնների շրջանակում, Ատրպէյճանը ոչ մի խախտում չի անում»,- ըսաւ Յակոբեան եւ բացատրեց, որ Գորիս-Կապան եւ Կապան-Ճակատեն ճանապարահատուածներուն մաքսային անցակէտերու տեղադրումը պայմանաւորուածութեան հետեւանքն է։
Ռուբէն Յակոբեանի խօսքով, պետութիւնը անձեռնմխելիութենէ զրկուած է եւ երիտասարդները կը լքեն երկիրը, քանի որ տեսած են՝ պատերազմի ժամանակ բանակը անտէր մնացած է եւ ուղարկուած մսաղացի մէջ: