image

Այլեւս խորհրդական չէ

Այլեւս խորհրդական չէ

Նախկին պատգամաւոր Թեւան Պօղոսեանը քանի մը ամիս է՝ այլեւս նախագահ Արմէն Սարգսեանի խորհրդականը չէ։ Թէեւ ան Սարգսեանին խորհուրդներ կու տար հասարակական հիմունքներով` առանց վարձատրութեան։

Պօղոսեանը ըսաւ, որ իր վերջին շփումը նախագահին հետ Ապրիլին էր, երբ ան այցելած էր Սիւնիք։ Անոր անունը՝ որպէս նախագահի խորհրդականի, ի դէպ, նախագահականի կայքին մէջ երբեւէ չէ նշուած։ Ան ըսաւ, որ հիմա ալ պատրաստ է Արմէն Սարգսեանին իր խորհուրդներով օգնելու, երբ որ ան այցելէ Արցախ եւ իր կարիքը զգայ։ «Նախագահը եթէ որոշէ երթալ, մեծ ուրախութեամբ կ'երթամ անոր հետ», ըսաւ Պօղոսեանը: