13 Նոյեմբերին, ժամը 12։10-ի սահմաններուն, ատրպէյճանական Զինուած Ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի Գեղարքունիքի մարզի, մասնաւորապէս՝ Վերին Շորժայի ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ։ Այս մասին յայտնած են ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութենէն:
Պատասխան գործողութիւններով հակառակորդի կրակը լռեցուած է։ Հայկական կողմէն տուժողներ չկան։