2021 թուականի Նոյեմբեր 14-ին, ժամը 12.00-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու խումբ մը զինուած զինուորներու կողմէ առանց թոյլտուութեան Սիւնիքի մարզի Սիսիան համայնքի վարչական տարածքին յարող ՀՀ պետական սահմանը հատելու եւ ՀՀ տարածքով 1-էն մինեւ 2 քմ յառաջանալու, ՀՀ ԶՈՒ 4 մարտական դիրքերուն մօտենալու, այնտեղ գտնուող ՀՀ ԶՈՒ զինուորներու հասցէին բռնութիւն գործադրելու սպառնալիքներ հնչեցնելու, ՀՀ տարածքի այդ մասը Ատրպէյճանի Հանրապետութեանը յանձնելուն ուղղուած գործողութիւններ կատարելու, զէնքի գործադրման սպառնալիքներով ՀՀ ԶՈՒ զինուորներուն այդ տարածքներէն հեռանալու պահանջ ներկայացնելու դէպքի առթիւ ՀՀ Եղէգնաձորի կայազօրի զինուորական դատախազութեան մօտ յարուցուածէ քրէական գործ՝ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 329-րդ յօդուածի 2-րդ մասով եւ 300.2-րդ յօդուածի յատկանիշներով:
Ինչպէս ֆէյսպուքեան իր էջով կը տեղեկացնէ գլխաւոր դատախազի խորհրդական Գոռ Աբրահամեանը, քրէական գործի շրջանակներուն մէջ, հակառակորդի գործողութիւններէն զատ քննութեան առարկայ պիտի դառնայ նաեւ նշուած մարտական դիրքերուն թշնամական ուժերու մօտենալը հնարաւոր դառնալու, այդ դիրքերէն ՀՀ ԶՈՒ զինուորներու հեռանալուն հանգամանքները: