Ատրպէյճանցի պատգամաւորները դիմած են արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովին՝ խնդրելով խզել Միացեալ Նահանգներու հետ համաձայնագրերը եւ դադրեցնել Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) ծրագրերը։
Այս մասին Ատրպէյճանի խորհրդարանի՝ Միլլի Մեճլիսի 8 հոկտեմբերի նիստին ըսած է խօսնակ Սահիպա Կաֆարովան՝ պնդելով, թէ «Պաքուն կը վարէ անկախ ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւն»։ Ան յիշեցուցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այն յայտարարութիւնը, որ «ոչ ոք կրնայ Պաքուին որեւէ բան թելադրել կամ միջամտել ներքին գործերուն», եւ որ իրենք «պիտի ընեն այն, ինչ անհրաժեշտ կը համարեն»:
Ատրպէյճանցի պատգամաւորները դժգոհած են, որ «Ուաշինկթընը կը փորձէ նոր հակամարտութիւն հրահրել Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ՝ խոշոր ֆինանսական օգնութիւն յատկացնելով Երեւանին, վերազինելով երկիրը եւ ատով իսկ դրդելով անոր ոչ կառուցողական դիրքորոշում գրաւելու խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւններուն մէջ»։
«Հարաւային Կովկասի նկատմամբ Սպիտակ տան քաղաքականութեան հիմնական նպատակն է ճնշում գործադրել մեր երկրի վրայ՝ թոյլ չտալու համար Ատրպէյճանին առաջատար դիրք գրաւել տարածաշրջանին մէջ», - ըսած է պատգամաւոր Մուշֆիկ Ճաֆարովը: