image

Ատրպէյճան պատրաստ է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման

Ատրպէյճան պատրաստ է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման

Ատրպէյճանը պատրաստ է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ կը կարեւորէ ԼՂ հարցով եռակողմ յայտարարութեան իրագործումը:  

«Ատրպէյճանի երկարաժամկէտ տեսլականի ռազմավարութեան հիմքը կը կազմէ կայուն խաղաղութեան, զարգացման եւ յառաջընթացի ապահովումը: Իր տարածքներու գրաւման գործօնի վերացմամբ Ատրպէյճանը պատրաստ է կարգաւորելու յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ՝ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու, մասնաւորապէս՝ ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ միջազգային սահմաններու անխախտելիութեան խիստ պահպանմամբ», կ'ըսուի Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոցի նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ տարածաշրջանին մէջ ապագայ խաղաղութեան անվտանգութեան ապահովման համար այս փուլին կարեւոր է եռակողմ յայտարարութիւններու լիակատար իրագործումը: «Ատրպէյճանը կ'ակնկալէ, որ Հայաստանը համարժէք արձագանգ կու տայ այս ուղղութեամբ իրենց նախաձեռնած քայլերուն», կ'ընդգծուի յայտարարութեան մէջ: