image

Արշակ Կարապետեանի հանդիպումը պատերազմի ժամանակ անհետ կորսուածներու ծնողներուն հետ

Արշակ Կարապետեանի հանդիպումը պատերազմի ժամանակ անհետ կորսուածներու ծնողներուն հետ

18 Հոկտեմբերին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Արշակ Կարապետեան հանդիպած է 44-օրեայ պատերազմին զոհուած, անյայտ կորսուած, կամ գերութեան մէջ յայտնուած զինուորներու եւ կամաւորականներու հարազատներուն։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են անյայտ կորսուած զինուորներու որոնողական աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ զոհուածներու շիրիմներու բարեկարգման վերաբերող շարք մը հարցեր։

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը ծանօթացած է հանդիպման մասնակիցներուն կողմէ բարձրացուած խնդիրներուն ու մտահոգութիւններուն եւ պատասխանած անոնց հարցերուն:

Արշակ Կարապետեան վստահեցուցած է, որ նշուած խնդիրները կը գտնուին ինչպէս իր, այնպէս ալ երկրի վարչապետին եւ ամբողջ կառավարութեան անմիջական ուշադրութեան կեդրոնին, եւ անոնց լուծման վերաբերեալ պատասխանատու ստորաբաժանումներու ղեկավարներուն տրուած են յստակ յանձնարարականներ։