image

««Արեւմտեան Ատրպէյճան» խօսոյթն ընդհանրապէս ընդունելի չէ»Սրբուհի Գալեան

««Արեւմտեան Ատրպէյճան» խօսոյթն  ընդհանրապէս ընդունելի չէ»Սրբուհի Գալեան

Արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Գալեանը, լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին ըսած է, որ Ատրպէյճանի կողմէ կիրառուող «Արեւմտեան Ատրպէյճան» խօսոյթն ընդհանրապէս չեն ընդունիր: 

«Երէկ տարաբնոյթ հարցեր ուղղուեցին կառավարութեանը, նաեւ վարչապետին, նախաստորագրուած յուշագրի հետ կապուած եւ վարչապետը շեշտադրեց հետեւեալ հանգամանքը. ինչ հասկացութիւն ուզում է քննարկուի, ինչ մեկնաբանութիւն ուզում է որոշակի երեւոյթին տրուի՝ դա պէտք է լինի կարեւոր յատկանիշների շրջանակներում՝ իրաւազօրութիւն, տարածքային ամբողջականութիւն եւ այլն, այսինքն՝ այն յատկանիշները, որոնք տեղ են գտել հենց ստորագրուած փաստաթղթերում», - նշած է Գալեանը:

Ան ընդգծած է, որ որեւէ մեկնաբանութիւն չի կրնար հակասել այդ յատկանիշներուն:

Կրկին անդրադառնալով ատրպէյճանցիներու՝ իրենց «պատմական հայրենիք» վերադառնալուն ուղղուած քայլերուն, նաեւ միջազգային հարթակներու վրայ, ան ըսած է.  «Իրենց խնդիրն է, ինչ ուզում են, կարող են անել, իրենց իրաւունքն է: Մենք ասում ենք հետեւեալը՝ մենք ապրում ենք Հայաստանի Հանրապետութիւնում, սա Հայաստանի Հանրապետութիւնն է եւ վերջ», - նշած է արդարադատութեան նախարարը, աւելցնելով, որ որեւէ համոզելու կամ հարկադրո ելու բան չունին: