image
Հրատապ լուրեր:

Արցախի համար. Բողոքի ցոյցեր Պուէնոս Այրէսի մէջ

Արցախի համար. Բողոքի ցոյցեր Պուէնոս Այրէսի մէջ

Պուէնոս Այրեսի հայ համայնքը ցոյց կազմակերպած է հանրայայտ Օպելիսքի մօտ՝ բարձրաձայնելով  2022 թուականի դեկտեմբեր 12-էն Ատրպէյճանի կողմէ Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհի՝ Լաչինի միջանցքի շրջափակումը եւ ատոր հետեւանքով սանձազերծուած լուրջ մարդասիրական ճգնաժամը։ 

Ինչպէս կը հաղորդէ diarioarmenia.org.ar-ը, 23 յունուարին ժամը 17:00-էն սկսած Արժանթինի հայ համայնքի տարբեր տարիքի բազում  ներկայացուցիչներ հաւաքուած են Հանրապետութեան հրապարակին մէջ Արժանթինի հայկական հաստատութիւններու կողմէ հրաւիրուած ցոյցին՝ շրջափակումը դատապարտող եւ միջանցքի անյապաղ բացում պահանջող պաստառներով:

«Լաչինի միջանցքը տեղափոխման միակ ճանապարհն է կենսական պաշարներու համար, ինչպիսիք են սննդամթերքը, դեղորայքը եւ ուժանիւթի միջոցները, որոնք անհրաժեշտ են Արցախի մէջ ապրող 120 000 հայերուն (ներառեալ 30 000 երեխայ եւ 20 000 տարեց)», -ըսած են ցոյցի կազմակերպիչները, որոնք նաեւ զգուշացուցած են, որ «սա Ատրպէյճանի եւ անոր նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւս մէկ փորձ է` իրականացնելու էթնիկ զտումներու ցեղասպանական նախագիծ՝ հայկական տարածաշրջանի հայ բնակչութեան դէմ»:

«Միջազգային հանրութիւնը՝ Եւրոմիութիւնը, ՄԱԿ-ը, Մինսքի խումբը, չի կրնար գործել: Մենք այդ կը պնդենք։ Թէեւ Թուրքիոյ հետ նաւթի եւ կազի գործարքները կարեւոր են, դաժանօրէն պաշարուած ժողովուրդի կեանքը շատ աւելի կարեւոր է: Արժանթինի մեր կառավարութիւնը նոյնպէս պէտք է իր ձայնը լսելի դարձնէ այս առումով: Ատոր համար մենք բողոքի ձայն կը բարձրացնենք»,- Diario ARMENIA-ին ըսած է մասնակից Ռոզիթա Եուսուֆեանը: