image
Հրատապ լուրեր:

Ամերիկացիներուն մօտ «Միջուկային վա՞խ»

Ամերիկացիներուն մօտ «Միջուկային վա՞խ»

Պաղ պատերազմի տարիներէն ի վեր ամերիկացիներու միջուկային վախերը ամենաբարձր մակարդակի հասած են, գրած է «The Hill»-ը։

Միջազգային գիտնականներու եւ հասարակական կարծիքը համադրողներու խօսքով՝ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը բորբոքած է ամերիկացիներու միջուկային վախերը, աւելի քան որեւէ այլ իրադարձութիւն՝ պաղ պատերազմի աւարտէն ի վեր։ Այս տարուան հարցումներուն մէջ ամերիկացիներու մեծամասնութիւնն ըսած է, որ կը կարծէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը կրնայ միջուկային զէնք օգտագործել Ուքրանիոյ դէմ:

«Ես չեմ տեսած այս մակարդակի անհանգստութիւն Քարիպեան ճգնաժամէն ետք»,-ըսած է Փիթըր Քուզնիքը՝ Միջուկային հետազօտութիւններու ամերիկեան համալսարանի հիմնարկի տնօրէնը՝ նկատի ունենալով 1962 թուականին Միացեալ Նահանգներու եւ Խորհրդային Միութեան միջեւ լարուած դիմակայութիւնը:

«Սա կը շարունակուի արդէն մի քանի ամիս»,-աւելցուցած է ան։

Միջուկային անհանգստութիւնը մեծցաւ պատերազմի մեկնարկէն ետք, իսկ ետքը աւելի թէժացաւ է, երբ մի քանի օր անց Փութին իր միջուկային ուժերը բերաւ բարձր պատրաստութեան: 

Փետրուարին եւ մարտին կատարուած հարցումները ցոյց տուած են, որ ամերիկացիները աւելի շատ կ'անհանգստանան մօտալուտ միջուկային վտանգի առնչութեամբ։ Երկուշաբթի օր հրապարակուած Reuters-Ipsos-ի նոր հարցման՝ հարցուածներու 58 տոկոսը ըսած է, որ կը վախնայ, որ Միացեալ Նահանգները կ'երթայ միջուկային պատերազմի:

«Վերջին 20 տարիներու ընթացքին ես չեմ յիշեր ոչ մէկ դէպք, երբ մենք տեսած ըլլանք միջուկային աւերածութեան (ափոքալիփսի) հնարաւորութեան վերաբերեալ մտահոգութեան նման աստիճան»,-ըսած է  Ipsos-ի աւագ փոխնախագահ Քրիս Ճէքսըն:

Որոշ գիտնականներ կ'ըսեն, որ միջուկային հակամարտութեան սպառնալիքն այժմ աւելի մեծ է, քան երբեւէ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի աւարտէն ետք: